2016-07-05 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ''Սուրիա. Խաղաղութիւնը կարելի է'' քարոզարշաւին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 5 Յուլիս 2016-ին սկիզբ առաւ ''Սուրիա. Խաղաղութիւնը կարելի է''  խորագիրով Միջազգային Քարիթասի քարոզարշաւը որուն նպատակն է ի յայտ դնել Սուրիոյ 5 տարուայ պատերազմի հետեւանքով մարդկայնական տագնապը։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ հրապարակեց լսատեսողական պատգամ մը որուն մէջ ակնարկեց Քարիթասի այս ձեռնարկին հրաւիրելով հաւատացեալները իրենց սատարը տալու ինչպէս նաեւ աղօթելու վասն խաղաղութեան։

 

Լսատեսողական պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր կ՛ուզեմ ձեզի հետ խօսիլ նիւթի մը մասին որ սիրտս կը վշտացնէ. Սուրիոյ մէջ պատերազմը որ թեւակոխեց իր հինգերորդ տարին։ Անասելի տառապանքներու իրադարձութիւն մըն է որուն թիրախ է Սուրիացի ժողովուրդը, որ պարտաւորուած է վերապրիլ ռումբերու տակ եւ փախուստի ճամբաներ գտնել դէպի այլ երկիրներ եւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններ որոնք նուազ յօշոտուած են պատերազմէն. Թողուլ տուներ եւ ամէն ինչ…. Կը մտաբերեմ նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւնները որոնց կը վստահեցնեմ իմ աջակցութիւնս ի տես խտրականութիւններուն որոնց թիրախ են։

Ահա ասոր համար է որ խօսքս կ՛ուղղեմ բոլոր հաւատացեալներուն ու բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են, Քարիթասին հետ, կառուցելու աւելի արդար ընկերութիւն մը։  Մինչ բնակչութիւնը կը տառապի, դրամական հսկայական գումարներ կը տրամադրուին հակամարտողներու զէնք ապահովեցնելու համար։

Այդ զէնքերը մատակարարող որոշ երկիրներ կը գտնուին անոնց շարքին որոնք խաղաղութեան մասին կը խօսին։

''Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ անոր որ աջ ձեռքով քեզ կը շոյէ եւ ձախ ձեռքով քեզ կը հարուածէ'' հարց տուաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու քաջալերեց բոլորը, ''տարեցներ ու երիտասարդներ, խանդավառութեամբ ապրելու Ողորմութեան Սուրբ Տարին, յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը եւ վճռակամ հռչակելու թէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը կարելի է։ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը կարելի է, ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց Աստուծոյ հետեւեալ խօսքերը իւրացնել  ''Քանզի ե՛ս միայն գիտեմ իմ մտադրութիւնները, որ խորհում  եմ եւ պիտի խորհեմ ձեր մասին – կ՛ըսէ Տէրը – Խաղաղութեան մտադրութիւն, եւ ոչ թէ  չարութեան։Դրանից յետոյ ես յոյս կու տամ ձեզ'' (Երեմիայ 29,­11)։

Հրաւէրն է աղօթել Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան համար ու անոր ժողովուրդին համար, աղօթքի հսկումի երեկոներու ընթացքին ինչպէս նաեւ խումբերու, ժողովրդապետութիւններու եւ հասարակութիւններու մէջ իրագործուած նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն տարածելու խաղաղութեան պատգամը, պատգամը միութեան եւ յոյսի։  

Աղօթքին ապա թող հետեւին խաղաղութեան ներգործութիւններ։ Ձեզ կը հրաւիրեմ դիմելու անոնց որոնք ներգրաւուած են խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ որպէսզի լուրջի առնեն այդ համաձայնութիւնները եւ յանձնառու ըլլան հեշտ դարձնելու մարդկայնական օժանդակութիւններու ներդրումը։

Ամէնքը պէտք են գիտակից ըլլալ որ Սուրիոյ համար ռազմական լուծում մը չկայ, այլ կայ միայն քաղաքական լուծում։

Միջազգային հասարակութիւնը պարտական է թիկունք կանգնիլ խաղաղութեան բանակցութիւններուն ու ազգային միասնութեան կառավարութեան մը հաստատումին։

Միացնենք մեր ուժերը, բոլոր մակարդակներու վրայ, որպէսզի սիրեցեալ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը կարելի ըլլայ։

Այս մէկը պիտի ըլլայ ողորմութեան ու ապրուած սիրոյ վեհանձն օրինակ մը համայն միջազգային հասարակութեան բարիքին համար հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ու լսատեսողական պատգամը աւարտեց ըսելով. ''Թող Տէրը օրհնէ ձեզ եւ Տիրամայրը ձեզի ըլլայ ապաւէն։ Շնորհակալութիւն''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.