2016-07-05 09:44:00

Սէուտական Արաբիոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւն


Երկուշաբթի` 4 Յուլիսի երեկոյեան Սէուտական Արաբիոյ մէջ արձանագրուեցաւ երկրորդ անձնասպանական գործողութիւն մը: Անծանօթ մը ինքզինք պայթեցուց Մատինա քաղաքի Հարամ Նապաուիի մօտ գտնուող ապահովական կեդրոններէն մէկուն մօտ, մայրամուտի էզանին եւ նամազին միջեւ երկարող ժամանակի ընթացքին, երբ ապահովական մարմինները իֆթար կ՛ընէին:

Ըստ նախնական տուեալներուն, սպաննուած է գործողութեան հեղինակն ու ապահովական մարմիններու երկու անդամներ: Նամազի մասնակիցներէն ոչ ոք վնասուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.