2016-07-05 13:38:00

Հայաստանը այսօր կը նշէ սահմանադրութեան օրը


Հայաստանի մէջ Յուլիս 5-ը կը նշուի Սահմանադրութեան օրը: 1995 թուականի այդ օրը երկրի Հիմնական օրէնքի նախագիծը ներկայացուեցաւ համաժողովրդական հանրաքուէի:

Այն ժամանակուայ ընդդիմութիւնը հանրաքուէի արդիւնքները կեղծուած համարեց, սակայն պաշտօնական տուեալներով Սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ: Ատիկա անկախ Հայաստանի առաջին Սահմանադրութիւնն էր:

Տասը տարի անց` 2005-ի Նոյեմբեր 27-ին, երկրին մէջ կրկին տեղի ունեցաւ սահմանադրական հանրաքուէ, երբ քաղաքացիները հաւանութեան արժանացուցին գլխաւոր փաստաթուղթին մէջ առկայ փոփոխութիւնները: Այդ փոփոխութիւններով ընդլայնուեցան խորհրդարանի լիազօրութիւնները: Ընդդիմութեան կոչով հասարակութեան մեծ մասը պոյքոթեց Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, սակայն պաշտօնապէս հանրաքուէն համարուեցաւ կայացած եւ այդ փոփոխութիւնները ընդունուեցան:

Սահմանադրութիւնը փոփոխութիւններու  ենթարկուեցաւ նաեւ 2015-ին: Մասնաւորապէս, 2015-ի Դեկտեմբեր 6-ին տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէ, ըստ որուն՝ Հայաստանը անցում կատարեց կառավարման խորհրդարանական համակարգի, որուն հիման վրայ Հայաստանի մէջ այլեւս տեղի պիտի չունենան նախագահական ընտրութիւններ` համաժողովրդական քուէարկութեամբ: Նախագահը պիտի ընտրուի 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ձեւաւորուած Ազգային ժողովի եւ ընտրիչներու հիմնարկին կողմէ:

Բացի այդ, Սահմանադրական փոփոխութիւններով Ազգային ժողովը պիտի ձեւաւորուի միայն համամասնական ընտրակարգով, այսինքն՝ պիտի չըլլան անկախ թեկնածուներ: Բոլորը պիտի ընտրուին այս կամ այն կուսակցութեան ներկայացուցած ցուցակներով:

Նշենք, որ ըստ ՀՀ Սահմանադրութեան առաջին եւ երկրորդ յօդուածներուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է, իսկ ՀՀ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին:

 «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքով` 2001-ի Յուլիս 24-ի որոշումով Յուլիս 5-ը կը նշուի իբրեւ Սահմանադրութեան օր եւ յայտարարուած է ոչ աշխատանքային:








All the contents on this site are copyrighted ©.