2016-07-05 09:20:00

2015-ին Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնադրամը հաւաքած է 124 միլիոն եւրօ։


(Ռատիօ Վատիկան) Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը 2015 տարուայ ընթացքին նուիրատուութիւններ ստացած է 124,1 միլիոն եւրոյի որոնց միջոցաւ 146 երկիրներու մէջ իրագործուած են 6.209 ծրագիրներ, յատկապէս Ափրիկեան ցամաքամասին ու Միջին Արեւելքի մէջ։

2011-էն մինչեւ այսօր Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը 47 միլիոն 530 հազարի ներդրումներ կատարած է Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ օգնութեան հասնելով բազմաթիւ կարիքաւոր անհատներուն։ Այս ծիրէն ներս Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեգործական հաստատութեան օգնութիւններու շնորհիւ` Իրաքի մէջ 125 հազար քրիստոնեաներ­, որոնք փախուստ տուած են ՏԱՀԵՇ-ի վայրագութիւններէն եւ իրենց ամէն ինչքերը թողելով ապաստան գտած են Իրաքի Քիւրտեստանի շրջանին մէջ, այսօր ունին իրենց յատկացուած բնակավայրեր ու դպրոցներ եւ անոնց ապահովուած է ուտեստեղէն ու առողջապահական խնամք։ 

2015 տարուայ ընթացքին Քահանայապետական Հիմնադրամը համայն աշխարհին մէջ օգնութեան հասած է Եկեղեցիներու պիտոյքներուն սատարելով 1674 եկեղեցիներու, մատուրներու, նորընծայարաններու, հովուական կեդրոններու եւ այլ կրօնական կառոյցներու, վերաշինութեան կամ կառուցման աշխատանքներուն, այնպէս ինչպէս բազմաթեւ Քահանաներու օգնութեան։

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան ծրագիրներէն մին է նաեւ քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն ապահովել կազմաւորումի դասընթացքներ­։ Այս առընչութեամբ 2015 տարուայ ընթացքին 10 նորընծաներու վրայ մէկը կարողացաւ ուսումը աւարտել շնորհիւ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական  բարեսիրական հաստատութեան օժանդակութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.