2016-07-04 14:59:00

Յառաջիկայ 4 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի սրբավայրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասսիզիի ներումի 800-րդ տարեդարձին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, յառաջիկայ 4 օգոստոս 2016-ի յետմիջօրէին, յատուկ այցելութիւն պիտի կատարէ Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Սրբավայրը­, յատուկ կերպով այցելելով նոյնինքն Սուրբ Ֆրանչիսկոսի վերանորոգած փոքրիկ մատուռը (Փորցիունքոլան) որ այսօր կը գտնուի Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի մայր տաճարին ներքոյ եւ վայր է ուխտագնացութեան։

Վերոնշեալ լուրը կը հաղորդէ Ասսիզիի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինոն։

Համայն Ասսիզիի եկեղեցին եւ Ասսիզիի Նոչերա Ումպրա ու Կուալտօ Թատինօ թեմը Ֆրանչիսկեան հայրերու հետ միասին, հրճուանքով ընդունեցան այս ուրախալի լուրը եւ երախտագիտութիւն կը յայտնեն Ֆրանչիսկոս Պապին, հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները այդ կարեւոր այցելութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.