2016-07-03 16:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ Աստուած դարձի բերէ բռնարարներու սրտերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 3 Յուլիս 2016-ի կէսօրին­, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմաթիւ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն­, մատնանշեց աղօթքին զոր պէտք է կատարենք որպէսզի Տէրը մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար։

Այդ ''մշակներոը''  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Աստուծոյ Արքայութեան միսիոնարներն են։ Անոնք միշտ Փրկութեան Աւետիսը կը տանին բոլորին` Աստուծոյ արքայութեան մօտիկութիւնը հռչակելով։Մշակները ամենուրէք պէտք է տանին յոյսի, խաղաղութեան ու եղբայրսիրութեան ինչպէս նաեւ մխիթարութեան պատգամ մը, հաստատեց Սրբազան Պապը մատնանշելով Յիսուսի պատուէրին ''երբ տուն մը այցելէք նախ եւ առաջ ըսէք խաղաղութիւն այս տան...

Աստուծոյ արքայութիւնը կը կառուցուի օրէ օր եւ Յիսուսի աշակերտը գիտակից ըլլալու է թէ այդ առաքելութիւնը յաճախ դժուար է ''ձեզ կը ղրկեմ որպէս գառնուկներ գայլերու միջեւ'' ըսած է Յիսուս իր աշակերտներուն զգուշացնելով զանոնք չարին թակարթներէն­, յայտնեց Նորին Սրբութիւնը ու ընդգծելով թէ ''Քրիստոնեային առաքելութիւնը սքանչելի առաքելութիւն մըն է` յատկացուած բոլորին, ծառայութեան առաքելութիւն մը որ կը պահանջէ վեհանձնութիւն''։

Կարիքը ունինք քրիստոնեաներու որ ուրախութեամբ կը վկայեն Աւետարանը ամենօրեայ կեանքին մէջ, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց երիտասարդները համապատասխանելու անվախ` Յիսուսին հետեւելու իրենց ուղղուած կոչին, ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի Եկեղեցիէն պակաս չընէ վեհանձն սրտերը` որոնք կ՛աշխատին ամէնուն տանելու Երկնային Հօր սէրն ու քնքշութիւնը.

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն ետք ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները իր մօտիկութիւնը յայտնեց Պանկլատէշի մայրաքաղաք Տաքքայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքի թիրախ դարձած զոհերուն ու վիրաւորներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններու զոհերուն։ Ան ապա հրաւիրեց միասնաբար աղօթել այդ զոհերուն  համար։ ''Միասին աղօթենք ննջեցեալներուն համար ու խնդրենք Տիրոջմէ որ դարձի բերէ ատելութենէն կուրցած բռնարարներու սրտերը'' ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց  հաւատացեալները միասին աղօթել ''Ողջոյն Քեզ Մարիամ''աղօթքը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ողջունեց հրապարակի վրայ ներկայ գտնուող զանազան խումբերը եւ ընկերակցութիւնները ու յիշեցուց թէ Ողորմութեան Յոբելինական Տարւոյն ծիրէն ներս յառաջիկայ չորեքշաբթի օր Եկեղեցին կը տօնէ Սանթա Մարիա Կորեթիի տօնը, նահատակ աղջնակը որ մահէն առաջ ներեց զինք սպանողին։ Այս աղջնակը արժանի է հրապարակի ծափողջոյնին , ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու բարի կիրակի մաղթելով բոլորին խնդրեց ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.