Կիրակի 3 Յուլիս 2016-ին, Վարդավառ է՝ կամ Տօն Պայծառակերպութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի
Քրիստոսի: Քրիստոսի Այլակերպութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդն է: Ան
Հայ ծէսին մէջ կը սկսի տօնակատարուիլ Է. դարուն, երեք օր տեւողութեամբ շքեղ հանդիսութեամբ,
տօնական շարականներով, որոնք աւանդաբար կը վերագրուին Մովսէս Խորենացիին և Ս. Ներսէս
Շնորհալիի, որ յօրինած է բ. և գ. օրերուն շարականները: Ըստ որոշ պատմագիրներու` Վարդավառի
տօնը կապուած է Ջրհեղեղի և Նոյի` տապանէն իջնելու յիշատակին: Նոյ Նահապետ պատուիրած է
իր որդիներուն, իրար վրայ ջուր սրսկել ի յիշատակ ջրհեղեղի: Քրիստոնէութեան ընդունումէն
յետոյ, այս տօնը նուիրուած է Յիսուսի Քրիստոսի Այլակերպութեան, երբ Ան Թաբոր լեռան վրայ
երեւցաւ իր աշակերտներուն` պայծառացած կերպարանքով:
Վարդավառը նաեւ հայոց ամենասիրուած, ամենաուրախ և յիշարժան տօներէն մէկն է, որովհետեւ
ըստ հնագոյն առասպելներուն` հեթանոսական շրջանին, ան նուիրուած էր սիրոյ ու ջուրի հեթանոս
աստուածուհի Աստղիկին, որ վարդաջրեր ցօղելով և վարդեր նուիրելով, սէր կը պարգեւէր մարդոց:
All the contents on this site are copyrighted ©. |