2016-07-02 08:00:00

Կիրակի 03 Յուլիս 2016 - Տօն Պայծառակերպութեան - Վարդավառ


Այսօր Հայոց Եկեղեցին մեծ հանդիսութեամբ եւ մեծ շուքով կը տօնէ ծիսական հինգ գլխաւոր տօներուն կամ տաղաւարներուն երրորդը՝ այսինքն Այլակեպութեան, Պայծառակերպութեան կամ Վարդավառի տօնը:

Վարդավառը՝ հեթանոս եւ կրակապաշտ հայութեան գլխաւոր եւ կարեւորագոյն տօներէն մէկն էր: Այն օրը, երբ ժողովուրդը բազմութեամբ կը հաւաքուէր ԱՍՏՂԻԿ չաստուածուհւոյն, դիցուհիին մեհեանին առջեւ, ուր քրմապետը վարդի ջուր կը սրսկէր անոր վրայ: Այս հանդիսութիւնը այնքան խոր արմատներ ձգած էր, ու այնքան խոր կերպով դրոշմուած էր հայ ժողովուրդի սրտին մէջ, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը տեսնելով որ անհնար էր բոլորովին զայն արմատախիլ ընելը՝ անոր քրիստոնէական զգեստ մը հագցուց, զայն քրիստոնէացուց, կցելով զայն Յիսուսի Փառապանծ Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան մեծ խորհուրդին: Այլակերպութեան տօնը թէեւ այսպէս բաժնուեցաւ հեթանոսականէն, բայց շարունակեց ցարդ պահել ՎԱՐԴԱՎԱՌ անունը եւ անոր սովորութիւնները, այսինքն՝ վարդերով կամ ծաղիկներով զարդարուելու, իրարու վրայ ջուր սրսկելու եւ աղաւնի թռցնելու գործողութիւնները:

Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը Տօնն է Թափոր լերին վրայ Քրիստոսի Աստուածապէս այլակերպութեան, Ուր Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները երեւցան Յիսուսի ընկերացող երեք առաքեալներուն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի: Քրիստոսի դէմքը կը պայծառանայ արեւու պէս եւ իր զգեստները կը սպիտականանան ձիւնի պէս, ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Գիրքը:

Այս այնքան գեղեցիկ ու յափշտակիչ տեսարանին առջեւ երեք աշակերտները կը զմայլին, այնպէս որ Պետրոս առաքեալը կը հարկադրուի աղաղակել. «Տէր, մեզի լաւ է որ հոս մնանք եւ եթէ ուզես, երեք վրաններ լարեմ, մէկը քեզի, միւսը Մովսէսի, եւ երրորդը՝ Եղիայի համար»: Ան կը փափաքի որ երջանկաւէտ տեսարանը բնաւ չփարատի եւ անոնք ալ մնան լերան գագաթը երկար ատեն յափշտակուած զմայլելի տեսարանէն: Մինչ Պետրոս հիացած կերկով կը խօսէր, ամպ մը ծածկեց զիրենք եւ անոր մէջէն ձայն մը աղաղակեց .«Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, զոր ես հաճեցայ ընտրել, անոր մտիկ ըրէք»: Երկնային այս վկայութիւնը անգամ մը եւս կու գայ շեշտելու Քրիստոսի աստուածայայտնութիւնը: «Եթէ Մկրտութիւնը Քրիստոսի աստուածայայտնութիւնն է ջուրերուն մէջ, կ՛ըսէ Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան, Վարդավառը  Քրիստոսի աստուածայայտնութիւնն է լեռներուն վրայ»:

Մինչ լեռնէն կ՛իջնէին, Յիսուս պատուիրեց իր աշակերտներուն որ տեսիլքը ոչ մէկուն պատմեն, մինչեւ որ Ինք Յարութիւն չ՛առնէ: Այս պատուերով, Յիսուս կ՛ուզէ հասկցնել իր առաքեալներուն որ Թափոր լերան փառքը մեզի երկինքի մէջ կը սպասէ, իսկ երկրաւոր կեանքին մէջ հարկ է տառապիլ, չարչարուիլ, նեղութիւն կրել, առօրեայ խաչը կրել յաւիտենական երջանկութեան հասնելու համար: Մեր երկրաւոր կեանքը փառքի, վայելքի, զուարճութեան  եւ հարստութեան կեանք չէ, այլ խոնարհեցումներու, զոհաբերութիւններու եւ չարչարանքի մէջն է:

Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին՝ ունեցած է փառքի, յաղթանակի օրեր, սակայն առհասարակ քալած է Գողգոթայի ճանապարհէն: Հալածուած է, խոշտանգուած է, աքսորի ճամբան բռնած է Քրիստոնէութեան համար, Քրիստոսի եւ անոր աստուածային վարդապետութեան հաւատարիմ մնալու համար, որով իր դիւցազնութեան, իր խոնարհեցումներուն համար արժանացած է Երկինքի Արքայութեան փառքին, յաւիտենական ժառանգութեան: Մենք ալ որպէս հայեր յայինք ու փարինք մեր նախնեաց զօրաւոր ու հաստատակամ հաւատքին, որպէսզի արժանանանք Քրիստոսի պայծառակերպութեան սքանչելի տեսարանին, Երկինքի փառքերու մէջ. Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.