2016-07-01 09:08:00

Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած կը նկատուին ընդհանուր ու յատուկ ունկնդրութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ յուլիս մէկէն սկսեալ ու մինչեւ Կիրակի  31 Յուլիս դադարած կը նկատուին Ֆրանչիկսոս Պապին ընդհանուր ու յատուկ ունկնդրութիւնները մինչ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքները կը շարունակուին հերթականութեամբ։ 

Քահանայապետական ընդհանուր ունկնդրութիւնները կը վերսկսին օգոստոս ամսուայ ընթացքին։

Յայտնենք թէ Յուլիս ամսուայ ընթացին դադրած կը նկատուի նաեւ  Յոբելենական տարւոյն ընթացքին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքի ջերմեռանդութիւնը որ կազմակերպուած է Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի ձեռնարկով։

Նշենք ապա թէ յառաջիկայ 27 -31 Յուլիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւնը կը կատարէ Լեհաստան, իր մասնակցութիւնը բերելու Երիտասարդութեան 31-րդ Համաշխարհային օրերուն, որոնք պիտի նշուին Քրաքովիայի մէջ, 26 – 31 Յուլիս 2016-ին եւ որուն այս տարուայ բնաբանն է ''երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի ընդունին''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.