2016-07-01 10:20:00

Իտալացի մասնագէտները վերականգնած են Կարմրաւորի Սբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ որմնանկարները


Արագածոտն մարզի Կարմրաւորի Սբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքին հատուածին պահպանուած որմնանկարներու մաքրման եւ վերականգնման աշխատանքները աւարտածած են:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Իտալիայէն ժամանած ճարտարապետ Արա Զարեանի ու որմնանկարի վերականգնող մասնագէտ Քրիստին Լամուղէի ջանքերով՝ Կարմրաւոր եկեղեցւոյ մէջ արդէն տեսանելի են ճարտարապետական փոքր գլուխգործոցի ներքին նկարազարդման բարձր արուեստի մասին վկայող տասը սրբապատկերները:

Եկեղեցւոյ հիւսիս- արեւմտեան պատին պատկերուած է ձի հեծած ու թուրը ձեռքին Սբ Գէորգ զօրավարը, իսկ հարաւ-արեւմտեան պատին ձի հեծած, մանուկը գրկին, նետը ձեռքին պահած Սբ Սարգիս զօրավարի պատկերագրութիւնը:

Գմբէթարդը կեդրոնական մասը զարդարուած է «Քրիստոսը փառքի մէջ» որմնանկարով, իսկ կամարակապի հիւսիսային եւ հարաւային հատուածներուն  համապատասխանաբար Մարիամ Աստուածածինի ու Սբ Յովհաննէս Մկրտիչի որմնապատկերներն են:

Ժամանակի ընթացքին բոլոր որմնանկարները կորսնցուցած են իրենց երանգները եւ այսօր կը ներկայանան մեծ մասամբ սեւ- սպիտակ գոյներով: Զբօսաշրջիկները եւ ուխտաւորները այսուհետեւ պիտի կարենան տեսնել եւ գնահատել Կարմրաւորի եկեղեցւոյ ներքին գեղարուեստական մեծ արժէք ներկայացնող որմնանկարները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.