2016-07-01 10:00:00

Երջանկայիշատակ Տէր ՆերսէսՊետրոս ԺԹ-ի վախճանման տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան Պատարագ


(Ռատիօ Վատիկան) Երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի վախճանման Ա. տարելիցին առթիւ, Կիրակի, 3 յուլիսի 2016-ին,  յետմիջօրէին ժամը 6.-ին, Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ հոգեհանգստեան  Սուրբ Պատարագ՝ Նախագահութեամբ Տանն կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոսի Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին, ու մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն։ 

Նշենք թէ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատարիարքը, իր մահկանացուն կնքած է 5 Յունիս 2015-ին,  սրտի կատուածի հետեւանքով։ Անոր անխոնջ ջանքերուն կը պարտինք 2015-ի ապրիլ 12-ին Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի առթիւ Ֆրանչիկսոս Պապին մատուցած պատմական Սուրբ Պատարագը ինչպէս նաեւ նոյն արարողութեան ընթացքին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը։

Երջանկայիշատակ հանգուցեալ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոսին կը պարտինք նաեւ Սուրբ Պետրոսի տաճարի մէկ ներքնափակին մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հսկայական արձանի զետեղումը ինչպէս նաեւ Հայոց Սուրբին ի պատիւ ներնքնփակի անուանումը։

Ներսէս Պետրոս ԺԹ ծնած էր Գահիրէ, 17 Յունուար 1940-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած էր Գահիրէ, 15 Օգոստոս 1965-ին, ձեռամբ թեմին Առաջնորդ՝ Ռափայէլ Եպս. Պայեանի։  18 Փետրուար 1990-ին, Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին Առաջնորդ օծուած է ձեռամբ Ամեն. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։

1999-ի հոկտեմբեր 7-ին՝ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին կողմէ ընտրուած է Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ առած է Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը։ Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է նոյն ամսուան 24-ին։ Իսկ 13 Դեկտեմբեր 1999-ին՝ Եկեղեցական Հաղորդութիւն ստացած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

Ներսէս Պետրոս ԺԹ  մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղած էր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին որուն մէջ ներկայացուցած էր իր խոր ցաւակցութիւնները` սիւնհոդոսին եւ Պատրիարքութեան հաւատացեալներուն։

''Վերյիշելով մեր սերտ համագործակցութիւնը, որուն` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը հանդիսացաւ գագաթնակէտը, Ողորմած Աստուծոյ կը վստահիմ այս նուիրեալ Հովիւին հոգին, որ որպէս քահանայ անխոնջ ծառայեց իրեն յանձնուած հասարակութիւններուն, ապա որպէս եպիսկոպոս իր առաքելութիւնը կատարեց հաւատքով եւ նուիրումով, նախ Աղեքսանդրիա, ապա որպէս Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարք'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը իր հեռագիրին մէջ որ ապա եզրափակեց. ''Աղօթքով կը միանամ բոլոր անոնց որ կ՛ողբան այս յանկարծակի մահը, եւ մեծ սրտով բոլորին կ՛ուղարկեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս, յատուկէն` Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարքութեան եպիսկոպոսներուն, հանգուցեալի պարագաներուն եւ բոլոր անոնց որ յուղարկաւորութեան արարութեան պիտի մասնակցին''։

Աղաչեսցուք  զՓրկիչն  մեր

Քրիստոս' զի զնա ընդ արդարսն դասեսցէ

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.