2016-07-01 09:03:00

2016-ի Յուլիս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։

2016-ի Յուլիս ամսուայ որպէս Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի բնիկ ժողովուրդները` որոնց ինքնութիւնը եւ նոյնինքն անոնց գոյատեւումը վտանգուած է` յարգուին''

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի եկեղեցին Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան երկիրներու մէջ, իր ցամաքամասային առաքելութեամբ, Աւետարանը հռչակէ  նորոգուած խանդավառութեամբ ու սլացքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.