2016-06-30 09:23:00

Ռուսիա Եւ Թուրքիա համաձայնեցան բնականոնացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չորեքշաբթի, 29 յունիս՝ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

45 վայրկեան տեւողութեամբ զրոյցէն ետք Էրտողանի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մեր նախագահն ու Փութինը` Ռուսիոյ դաշնակցութեան նախագահը, շեշտեցին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու կարեւորութիւնը»: Նախագահական պալատէն աղբիւրներ նշեցին, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը «դրական ու արդիւնաւէտ էր»:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները վերակենդանացնելու համար պէտք եղած քայլերը առնելու կարեւորութենէն բացի երկու նախագահները նաեւ նշած են շրջանային, քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ճգնաժամերու շուրջ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

«Երկու ղեկավարները վճռակամութիւն յայտնած են թէ՛ վերականգնելու իրենց փոխադարձ յարաբերութիւնը, թէ՛ ալ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը` աւելցնելով. «Անոնք նաեւ համաձայնեցան անձամբ հանդիպելու»:

Ըստ հաղորդագրութեան, Փութին նաեւ դատապարտած է Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին դէմ կատարուած յարձակումը:

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Փութին Ռուսիոյ կառավարութեան անդամներուն հետ խորհրդակցութիւններու ընթացքին ամփոփած է Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան արդիւնքները եւ ըսած. «Թուրքիոյ նախագահն` մեզի հասցէագրած նամակէն ետք որոշում տուած է թուրք գործընկերներու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթ սկսիլ: Եւ ես հեռաձայնային հաղորդակցութեան սկիզբը, ի հարկէ, ցաւակցութիւն յայտնեցի երկրի նախագահին, թուրք ժողովուրդին դէմ Պոլսոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան առիթով»:

«Անդրադառնալով մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն` պիտի փափաքէի սկսիլ զբօսաշրջութեան հարցերէն, թէեւ անիկա կը հնչէ ահաբեկչական տարրերու աշխուժանալու լոյսին տակ… Բայց եւ այնպէս, մենք կը վերցնենք այդ մարզին մէջ վարչական սահմանափակումները», ըսած է Փութին` աւելցնելով. «Եւ կը խնդրեմ Ռուսիոյ կառավարութենէն` Թուրքիոյ հետ առեւտրատնտեսական կապերու բնականոնացման հոլովոյթի սկսիլ»:

Ան դիմելով Տմիթրի Մետվետեւին ըսած է. «Տմիթրի Անաթոլեւիչ, կը խնդրեմ ձեզմէ այդ կապակցութեամբ առաջարկներ պատրաստել արժեչափային-իրաւական հիմքի փոփոխութեան վերաբերեալ»:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է, որ Էրտողան իրեն հաւաստած է, որ «Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը իրմէ կախեալ ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի ապահովուի մեր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին»:

Փութին եւ Էրտողան ընդգծած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը: Փութին յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ` ռուս օդաչուի սպանութեամբ մեղադրուող քաղաքացիին նկատմամբ դատաքննութիւնը անկողմնակալ ըլլայ:

Փութին եւ Էրտողան համաձայնած են քննարկել մօտալուտ անձնական հանդիպում ունենալու կարելիութիւնը: Համաձայնութիւն գոյացած է, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 1 յուլիսին հանդիպում ունենան Սոչիի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին: «Այդ հանդիպումին պիտի քննարկուին թէ՛ շրջանի կացութիւնը` սուրիական տագնապի լուծման շեշտադրումով, թէ՛ ալ ռուս-թրքական կապերու հետագայ զարգացման հարցերը», ըսուած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ Մոսկուան եւ Անգարան պիտի վերսկսին Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ աշխատանքը»:

Միւս կողմէ, շարք մը ռուս քաղաքացիներ ուղղուեցան Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան շէնք` Պոլսոյ օդակայանի զոհերուն ի յիշատակ ծաղիկներ դնելու համար: Թրքական դեսպանատան պաշտօնատարները երախտագիտութիւն յայտնեցին ռուս քաղաքացիներուն:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչով Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ Պոլսոյ օդակայանին մէջ գործուած պայթումները Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Թուրքիոյ իշխանութիւններու փորձերուն դէմ են:

Ծերակուտականին կարծիքով` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու հաւանական առնչութեան մասին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարկածը առաւել հաւանական կը թուի: «Անոնք քիւրտերը չեն, որոնցմէ կը զգուշանան Անգարայի մէջ: Ուստի աւելի ակնյայտ է ահաբեկիչներու այս կամ այն որեւէ օժանդակութեան` Թուրքիոյ քայլերու վտանգաւորութիւնը, ներառեալ քարիւղի գնումը կամ բուժման, վերականգնման կամ ալ մարզումներու համար անոնց կարելիութիւններու տրամադրումը», ընդգծած է Քոսաչով:

«Ահաբեկչական գործողութիւնը բացայայտօրէն ուղղուած է Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Թուրքիոյ ղեկավարութեան փորձերուն դէմ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Թուրքիոյ, դատելով ըստ ամենայնի, կը նախազգուշացնեն, որ ան չմասնակցի ստեղծուող միասնական հակաահաբեկչական ճակատին»:

Քայուած Ազդակ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.