2016-06-30 09:25:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Թուրքիոյ նախագահին


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 29 յունիսին ցաւակցական հեռագիր յղած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` 28 յունիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով, որ քանի մը տասնեակ սպաննուած եւ հարիւրէ աւելի վիրաւորներ պատճառած էր:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի նախագահը խստօրէն դատապարտած է այդ ահաբեկչական գործողութիւնը, խորին ցաւակցութիւն յայտնած է սպաննուածներու հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում մաղթած:

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է այս ահաբեկչական գործողութիւնը: Նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարուած գրառումի մը մէջ կը նշէ. «Մենք կը դատապարտենք սարսափելի ահաբեկչական յարձակումը Պոլսոյ  օդակայանին մէջ: Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք սպաննուածներու ընտանիքներուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.