2016-06-30 09:36:00

Յուլիս 5-ին Իսրայէլի Քնեսէթին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բաց քննարկում պիտի ըլլայ


Յուլիս 5-ին Հայոց ցեղասպանութեան բաց քննարկում տեղի պիտի ունենայ Իսրայէլի Քնեսէթին մէջ: Այդ մասին յայտնած է յայտնի պատմաբան, ցեղասպանագէտ Եաիր Աուրոնը «Զօրեան հիմնարկ»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը: Ըստ անոր Իսրայէլը նախապէս ձեռնպահ կը մնար Հայոց ցեղասպանութեան հանրային քննրակումներէ եւ ազատ քուէարկութենէ` չցանկալով վանել թրքական կառավարութիւնը, որուն ԱՄՆ-ին առանցքային դաշնակից կը համարէր:

Յուլիս 5-ի քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումէն մօտ մէկ ամիս անց:

«Քննելով վերջերս Պունտեսթակի ընդունած բանաձեւը` կարելի է քանի մը կարեւոր երեւոյթ առանձնացնել: Ժամանակակից Թուրքիան մեղաւոր չէ Հայոց ցեղասպանութեան համար, սակայն Օսմանեան կայսրութեան բոլոր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն օրինական իրաւայաջորդն է:

Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փոխարէն Թուրքիոյ իւրաքանչիւր յաջորդ ղեկավար ամէն ինչ կ՛ընէ փաստերը խճճելու եւ ժխտելու համար: Բացի այդ, Թուրքիան, օգտագործելով իր զգալի աշխարհաքաղաքական, ռազմական ու տնտեսական լծակները` կ՛ազդէ այլ երկիրներու վրայ, կը ստիպէ պարտադրել անոնց միանալու ժխտողական քաղաքականութեանը»,-ըսած է Աուրոնը:

«Ժամանակն է, որ Իսրայէլը պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ամէն տարի այս ժամանակ Քնեսէթը քննարկումներ կ՛իրականացնէ այդ հարցի շուրջ: Կան կարող ձայներ, սակայն կառավարութիւնը թոյլ չի տար սկսելու քուէարկութեան: Թող այս տարին տարբեր ըլլայ: Թող Քնեսէթի մէջ ազատ քուէարկութիւն անցնի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կամ ժխտելու վերաբերեալ»,-ըսած է գիտնականը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.