2016-06-30 12:17:00

''Միասին Եւրոպայի համար'' ձեռնարկի երրորդ հանգրուանը Պաւիերայի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 30 յունիս 2016-ին,  Գերմանիոյ Մոնաքօ քաղաքին  մէջ  սկիզբ կ՝առնէ ՝՝Միասին, Եւրոպայի համար՝՝ խորագիրով ձեռնարկին չորրորդ հանգրուանը,  որ  պիտի տեւէ մինչեւ 2 յուլիս 2016։

Վերոյիշեալ ձեռնարկի հանդիսութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քրիստոնեայ  զանազան հասարակութիւններ ու եկեղեցական բազմաթիւ շարժումներ։ Ձեռնարկի նպատակն է աջակցիլ՝ կեանքի , արարչագործութեան պահպանութեան, ընտանիքին, հաւասարակշիռ տնտեսականութեան, աղքատներու եւ մեկուսացեալներուն,  համերաշխութեան, խաղաղութեան, քաղաքի բարիքին ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ցամաքամասի եղբայրականութեան։

Համագումարը կազմակերպուած է՝  36 կլոր սեղաններու շուրջ,   որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  եկեղեցական շատ մը  շարժումներու պատասխանատուներ,  քրիստոնեայ հասարակութիւններու ներկայացուցիչներ։ 

Համագումարի ընթացքին տեղի կ՝ունենան  փորձառութիւններու եւ տարբեր տեսութիւններու  փոխանակում ՝ հայող Եւրոպայի նիւթերուն ։

Շաբաթ, 2 յուլիս 2016-ին,  Մոնաքոյի ՝՝Քարլսփլաթզ՝՝ անուան  կեդրոնական հրապարակին վրայ նախատեսուած  է հաւաք – ցոյց մը, որուն ընթացքին պիտի սփռուի  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի լսատեսողական  պատգամը։ 

Նշենք,  թէ նախատեսուած է նաեւ  Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Բարթողոմէոս Պատրիարքին լսատեսողական պատգամը։

Եւրոպայի ի սպաս հաւաք- ցոյցին,   Կաթողիկէ եկեղեցիէն  իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Քահանայապետական արդարադատութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Թուրքոսնը ­,  Քահանայապետական Քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Քուրթ Քոխը, Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ կարդինալ Ռէնհարտ Մարքսը։ 

Իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Աւետարանական եւ Լուտերական  եկեղեցիէն այլ ներկայացուցիչներ։

Յայտնենք  թէ ՝՝Միասին Եւրոպայի համար՜՜ դաշնակցութիւնը հիմնուած է 8 դեկտեմբեր 2011-ին՝ Մոնաքոյի մէջ, նախ  Աւետարանական Սուրբ Մատթէոս եկեղեցւոյ մէջ ապա Կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ։

Այսօր դաշնակցութիւնը կազմուած է   աւելի քան 300  զանազան քրիստոնեայ հասարակութիւններէ  եւ եկեղեցական շարժումներէ, որոնց   բաղձանքն է վկայել՝ թէ միութիւնը կարելի է , ապրելով Յիսուսի նոր պատուիրանը ՝ այսինքն Սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.