2016-06-30 12:10:00

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ համայնքի թեմական Բ.Համագումարը 28 –30 Յունիս 2016


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 28 Յունիս 2016` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրսէյ Նահանգի Լիթլ Ֆոլզ քաղաքի Սուրբ Սիրտ Յիսուսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, սկիզբ առին Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին երկօրեայ Թեմական Բ. Համագումարի աշխատանքները` «Եկեղեցի մը ուր Հաւատք և Համայնք կ'աճին ու կը պտղաբերեն...» խորագրով:

Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` Տիթրոյթէն, Լոս Անճելէսէն, Կլէտելէն, Ֆիլատելֆիայէն, Նիւ Ճեսիէն, Պոսթոնէն, Թորոնթոյէն եւ Մոնրէալէն ժամանած աւելի քան 70 պատուիրակներ իրենց ժողովրդապետ հովիւներուն հետ միասին։

Թեմական Համագումարի բացումը կատարեց Թեմին Առաջնորդ`  Արհիապատիւ Հայր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը։ Համագումարի առաջին նիստի նիւթը հանդիսացաւ ''Երիտասարդները այսօր'' ու այս առընչութեամբ քննարկուեցաւ թէ ինչպէս ներգրաւել երիտասարդները ու զանոնք մասնակից դարձնել ժողովրդապետական կեանքին, որովհետեւ անոնք Եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր մասը կը կազմեն ու Թեմին եւ Ժողովրդապետութիւններուն ապագան են։

Համագումարին առաջին նիւթը ներկայացուց  Տիանա Մուսալլի ըսելով  թէ՝՝մեր եկեղեցիներուն պէտք ենք նայիլ, որպէս երկրորդ տուն''։  Քննարկուեցան    առ այդ ժողովրդապետութիւններէն  դժգոհած հաւատացլալներուն հետ կապ հաստատելու կարեւորութեան հարցը, ինչպէս նաեւ եկեղեցիէն հեռացած հաւատացեաներուն  աւետարանացման հրամայականը։

Այս առնչութեամբ Սարկաւագ Ռիչարտ Շաքիլ զրուցեց Աւետարանացման  եւ հաւատքին վերակենդանացման նիւթին մասին, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը՝՝ Եկեղեցին նկատել որպէս հիւանդանոց ուր՝ մեղաւորները  բուժում կը ստանան ։ Սարկաւագ Շաքիլ ապա շեշտեց թէ Բարի Աւետիսը Քրիստոսն է եւ այդ բարի լուրը կը մնայ միշտ Քրիստոս։

Համագումարի նիստերը վերջ կը գտնեն 30 Յունիսին  որոնց ընթացքին պիտի արծարծուին թեմական կեանքին հայող զանազան նիւթեր ինչպէս խառն ամունութիւնները, կիրակնօրեայ դպրոցը, եւ տեղեկատուական միջոցներու վերակազմակերպումը։

Արհիապատիւ հայր  Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատաեանը համագումարի մասնակիցներուն փոխանցած պատգամին մէջ հաստատեց թէ '' Ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլալու համար պէտք է  ըլլալ հարազատ , որպէսզի մեր պատգամը ընդունելի եւ լսելի դառնայ եւ ապա գործադրուի'' Ան ապա հրաւիրեց '' Յառաջ ընթանալ եւ բարի լուրը բաժնեկցելու մէջ հարազատ ըլլալ։

Նշենք, թէ համագումարի ներկայ գտնուող մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը 15-29 տարեկան երիտասարդներ են։  








All the contents on this site are copyrighted ©.