2016-06-29 10:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Ս. Պետրոս ու Ս.Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 29 Յունիս 2016-ին Կաթողիկէ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու ծիսական տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին աւանդութեան համաձայն 29 նոր Արքեպիսկոպոսներուն յանձնեց սուրբ զոհի ընթացքին օրհնուած Պալիումները որոնք կը խորհրդանշեն Եպիսկոպոսին Հաղորդութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ։

Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութենէն Հռոմ ժամանած մէկ պատուիրակութեան անդամները, որոնք սովորութեան համաձայն փոխ այցելութիւն կը կատարեն երկու վերոնշեալ առաքելապետերու տօնին առթիւ մինչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը Ֆանարը կ՛այցելէ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմնադիր` Սուրբ Անդրէասի տօնին օրը։

Հանդիսաւոր սուրբ արարողութեան ընթացքին արտասանած  քարոզին մէջ­, Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները շեշտը դնելով ''բանալ ու փակել'' երկու բառերուն վրայ։

Յիսուս Սուրբ Պետրոսին կը խոստանայ երկնքի բանալիներ որպէսզի ան բանայ Երկնքի Արքայութեան դռները եւ ոչ թէ զանոնք փակ պահէ­, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց Առաքեալներու գործերէն քաղուած ընթերցանութեան ուր կը ներկայացուին երեք փակումներ. Պետրոս բանտին մէջ. Աղօթքի մէջ ամփոփուած հասարակութիւնը եւ Մարիամի տունը` ուր Պետրոս կ՛ուղղուի ազատ արձակուելէ ետք։ 

Փակումներու դիմաց աղօթքը կը ներկայանայ որպէս ելքի ճանապարհ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ` ելքի ճանապարհ հասարակութեան համար, Պետրոսի համար։ Աղօթքը որպէս խոնարհ յանձնում Աստուծոյ ու Անոր կամքին միշտ ելքի ճանապարհ մըն է մեր անձնական ու հասարակական փակումներէն, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ու ընդգծեց թէ  մեզմէ ամէն մէկուն կեանքը կը ծլի երբ Հօր Աստուծմէ կ՛ընկալէ հաւատքի շնորհքը։

Ես աղօթեցի քեզի համար որպէսզի հաւատքդ չխախտի կ՛ըսէ Յիսուս Պետրոսին անոր նայելով հայեացքով մը որ որ կը դպչի սրտին ու կը յառաջացնէ զղջումի արցունքներ, յատյնեց ապա։

Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին ակնարկելով առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններուն դէմ մղուած հալածանքներուն ու այդ հալածանքներու դիմաց յառաջացած վախին  ու այդ վախէն ու վտանգէն յառաջացած փակումին, հաստատեց թէ այս փորձութիւնը ներկայ է նաեւ այսօրուայ եկեղեցւոյ մէջ որ վտանգի դիմաց կ՛ուզէ ինքնիր մէջ փակուիլ։ Սակայն հոս եւս կայ ելքի ճանապարհ մը` աղօթքը, նկատել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Աղօթքը թոյլ կու տայ որ շնորհքը մեր առջեւ բանայ ելքի դուռ մը, փակումէն դէպի բացուածք, վախէն քաջութիւն, տխրութենէն`ուրախութիւն ու կրնանք նաեւ աւելցնել բաժանումէն` միութիւն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, շեշտելով այս վերջին արտայայտութիւնը` բաժանումէն միութիւն զոր, շարունակեց Ան – Տիեզերական Պատրիարք Սիրելի Բարթողոմէոսի ուղարկած պատուիրակութեան հետ միասին կը կրկնենք, Հռոմի Պաշտպան սուրբերու տօնին օրը։ Տօն համայն եկեղեցւոյ հաղորդութեան, ինչպէս կը բացայայտէ Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսներու ներերակայնութիւնը, որոնք եկած են ընդունելու Եմիփորոնը որ ապա իրենց ուսերուն վրայ պիտի դրուի իրենց աթոռանիստ եկեղեցիներուն մէջ։

Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերը մեզի համար թող բարեխօսեն որպէսզի ուրախութեամբ ընթանանք այս ճանապարհէն, փորձարկելով Աստուծոյ ազատագրող ներգործութիւնը ու զայն վկայելով բոլորին ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.