2016-06-29 09:50:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Երազներու իրականացում ՜՜Գործատէր դառնալ՜՜...

Իւրաքանչիւր մարդ ունի երազ մը̓ յիշենք անոնցմէ ՜՜գործատէր դառնալու՜՜ երազը. արդար երազ մըն  է,  որ բնականօրէն կ՛ունենայ  մարդը, մանաւանդ երկար ժամանակ իբրեւ գործաւոր աշխատելէ ետք.

_ Գործատէր դառնալ...

Այն հեղինակութիւնը, որ կ՛ունենան գործատէրեր իրենց շրջապատին մէջ, գործ մը առանձինն եւ յաջողակ կերպով ղեկավարելու հմայքէն կու գայ: Իսկ սեփական գործին ապահոված ամբողջական շահը, բնականաբար մարդուն մէջ կը ստեղծէ այն խոր փափաքը, որ ի՛նք ալ իր գործատիրոջ նման, ապագային ունենայ իր սեփական գործը, ունենայ իր անկախութիւնը:

Ոմանք կը յաջողին իրենց այս երազին մարմին տալ, վստահելով իրենց կամքի անխորտակելի ուժին: Ընդհանրապէս տեսնուած է, թէ յաջողակ անձեր որքան ալ տնօրէններ ու պաշտօնեաներ ունենան վարձուած իրենց գործը յառաջ տանելու համար, դարձեալ, անոնցմէ առաջ, շատ կանուխ ժամերէն աշխատանքի կու գան, իրենց գործին գլուխը կը կանգնին եւ երբեմն ալ պաշտօնեայէ մը աւելի կ՛աշխատին… «Գործը ձեռքով տեսնելու» մօտեցում է այս, քան՝ անվստահութիւն զայն կատարող պաշտօնեային հանդէպ:

Ալեհեր ծերունի բարեկամս կը յիշեցնէր գայլին հարցուած հարցումը եւ անոր տուած պատասխանը, որ առածի կարգ անցած է հինէն ի վեր.

_ Ինչո՞ւ վիզդ հաստ է:

_ Որովհետեւ գործս ձեռքովս կը տեսնեմ:

Կենդանական աշխարհին փոքր չափով ծանօթութիւն ունեցողներ անգամ գիտեն, թէ գայլը անձամբ կը սիրէ որսալ եւ ուրիշին աւելցուքը չի՛ ճաշակեր: Այդ պատճառով ալ «վիզը հաստ» կ՛ըլլայ, այսինքն՝ անօթի չի՛ մնար:

«Գործի տէր դառնալ» բացատրութիւնը, սակայն, միայն սեփական աշխատանք ունենալու մասին չէ՛, այլեւ ստանձնուած գործը պատասխանատուութեամբ իր արդիւնքին հասցնելու նշանակութիւն ալ ունի: Հին ժամանակներուն, հօր մասնագիտութիւնը կամ լաւ եւս՝ գործը, ժառանգաբար կը փոխանցուէր որդիին: Եթէ նոյնիսկ հօր նման վարպետ չըլլար, որդին ալ իր կարգին նոյն ասպարէզին կը նուիրուէր, ապրուստի իբրեւ միջոց ընդունելով հօրենական այս «ժառանգ»ը: Հիներ տեսած են նաեւ, թէ հայրը իր գործը որդիին յանձնելէ ետքն ալ, խանութէն կամ գործատեղիէն չէր հեռանար, ո՛չ միայն հսկելով գործի յաջող ընթացքին, այլեւ օգնելով իր որդիին, նոյնիսկ ամէնէն ծանր աշխատանքներուն մէջ:

Մարդիկ իրենց գիտակից կեանքի ընթացքին համոզում կը գոյացնեն, թէ գործը անվախճան է: Այր թէ կին, բոլորն ալ գիտեն, թէ ո՛չ միայն սկսուած գործ մը երբեմն աւարտին չի՛ հասնիր, այլեւ որեւէ գործ անվախճան է. անոր միայն մէկ մասը աւարտելու խաբկանքը կ՛ապրինք երբեմն: Կեանքը, գործի անսահմանութեան դիմաց, շատ կարճ միջոց մըն է: Չենք սխալիր եթէ ըսենք, թէ աշխարհի վրայ դեռ չէ՛ եղած մէկը, որ իր գործին մէջ ունեցած փորձառութիւնը ամբողջութեամբ ուրիշին փոխանցած ըլլայ, նախքան իր մեռնիլը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ իր ասպարէզին մէջ, ի՛նք ալ շատ բան ունէր սորվելիք տակաւին…

Որեւէ գործ արժեւորուելու համար շատ կարեւոր հենքի մը պէտք ունի: Այն ուժը, որ գործ մը պիտի յաջողեցնէ, մարդկային կամքէն բացի՝ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնն է: Առանց պատասխանատուութեան զգացումի, նախ գործին ամբողջական ծանօթութիւն չենք կրնար ձեռք բերել: Երկրորդ՝ մեր հետաքրքրութենէն դուրս կը մնան շատ մը մանրամասնութիւններ, որոնք վսհատաբար կարեւոր էին այդ գործի յաջողութեան համար: Մարդամեքենայ ալ չենք, որ ծրագրուած ըլլանք մեքենական աշխատանք մը կատարելու: Այլ՝ ապրումներով, զգացումներով, տրամադրութիւններ շարժող ու գործող էակներ ենք, եւ մեր գործի ժամանակ եթէ մեր միտքն ու սիրտը մեզի հետ չգործեն, այդ աշխատանքը կը ձախողի:

_ Գործին տէրը, հա՛յրն է,- կ՛ըսէր փորձառու բարեկամս, իր մազերը սպիտակացուցած ըլլալով իր մասնագիտական գործին մէջ:

Այսօր ճիշդ է, որ որդին հօրը ասպարէզին շարունակողը չէ՛, սակայն այստեղ «հայր» ըսելով պէտք է հասկնանք այն անձը, որ ամբողջութեամբ պատասխանատուութեան զգացում ունի իր ստանձնած գործին նկատմամբ:

Գործին տէրը «հայրն» է, այո՛: Այն պատասխանատու անձը, որ որեւէ գործ ստանձնող մարդու հոգիին խորը պէտք է նստած ըլլայ: Այլապէս, ամէն գործ ժամավաճառութիւն է, իսկ կեանքը՝ անիմաստ կատակ մը լոկ, որ ստուերի նման պիտի անցնի, ամլութեան դժբախտ զգացումը կտակելով այն անձին, որ «ապրեցաւ» զայն:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.