2016-06-29 09:44:00

Անգարա եւ Թել Աւիւ ստորագրեցին իրենց յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրը


Վեց տարի տեւած լարուած յարաբերութիւններէ ետք, Անգարա եւ Թել Աւիւ երէկ ստորագրեցին իրենց յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրը:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տորի Կոլտ Թել Աւիւի մէջ ստորագրած է համաձայնագիրը, իսկ «Անատոլու» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Անգարայի մէջ ստորագրած է համաձայնագիրը:

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի վարչապետները 27 Յունիսին յայտարարած էին, որ գոյացած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան վերջ տալու համաձայնութիւն մը, որ պիտի ստորագրուի 28 Յունիսին:

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները խզուեցան, երբ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր Մայիս 2010-ին դէպի Կազա ուղղուող թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ 10 թուրքեր սպաննեցին:

Յարաբերութիւնները վերականգնելու փորձերը սկիզբ առին 2015-ին, երբ երկու կողմերէն պատուիրակութիւններ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցան: Բանակցութիւնները շարունակուեցան մինչեւ 26 Յունիս 2016, երբ երկու կողմերը հանդիպում ունեցան Հռոմի մէջ` համաձայնութեան վերջին սղագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար:

Ըստ համաձայնութեան, Իսրայէլ 20 միլիոն տոլար պիտի վճարէ` իբրեւ հատուցում «Մաւի Մարմարա»-ի զոհերուն ընտանիքներուն. այդ հատուցումին փոխարէն Թուրքիան պիտի դադրեցնէ իսրայէլացի զինուորներուն դէմ դատական հայցերը:

Համաձայնութեան ծիրին մէջ, Թուրքիոյ կ՛արտօնուի օժանդակութիւն տրամադրել Կազային: Այդ ուղղութեամբ 10 հազար թոն մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռցուած նաւ մը 1 Յուլիսին Թուրքիայէն պիտի նաւարկէ դէպի Իսրայէլի Աշտոտ նաւահանգիստը:

Համաձայնութեան մէջ նշուած է նաեւ Կազայի մէջ ելեկտրականութեան նոր կայանի մը եւ ըմպելի ջուրի զտման գործարանի մը կառուցումը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար, «Իսրայէլ մեր տունը» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարեց, որ ինք դէմ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման եւ կառավարութեան նիստին ընթացքին այդ համաձայնութեան դէմ պիտի քուէարկէ:

Լիպըրման յիշեցուցած է, որ վերջին տարիներուն Իսրայէլ հսկայական ջանքեր գործադրած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու գծով, անոնց հետ կարեւոր համաձայնութիւններ եւ սերտ համագործակցութիւն գոյացուցած է: Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւնը անուղղակի վնաս պիտի հասցնէ այդ յարաբերութիւններուն:

«Անիկա պիտի հարուածէ Եգիպտոսի հետ մեր յարաբերութիւնները, որովհետեւ Էրտողան դժուար թէ հրաժարի Կազայի նկատմամբ իր պահանջներէն: Կազայի մէջ Թուրքիոյ դիրքերուն ամրապնդումը կրնայ տեղի ունենալ միայն Եգիպտոսի դիրքերուն թուլացման հաշուոյն: Կազի արտածման նկատմամբ եւս. կան ատով հետաքրքրուած բաւարար թիւով երկիրներ: Այդ մասին բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ, եւ որոշակի փոխըմբռնում ձեռք բերուած է», ըսած է Լիպըրման:

«Պայիթ Եահուտի» կուսակցութեան ղեկավար, Իսրայէլի կրթութեան նախարար Նեֆթալի Պենեթ յայտնեց, թէ ինք եւ արդարադատութեան նախարար Այելեթ Շաքետ եւս կառավարութեան նիստին ընթացքին Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան դէմ պիտի քուէարկեն: «Պետութիւնը չի կրնար փոխհատուցում տալ ահաբեկիչներու, որոնք փորձեցին վնաս պատճառել իսրայէլեան բանակին: Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւնը կարեւոր է եւ Իսրայէլի պետութեան շահերէն կը բխի, սակայն ահաբեկիչներու փոխհատուցում տալը վտանգաւոր նախադէպ մըն է, որուն համար Իսրայէլ ապագային պիտի զղջայ», ըսաւ ան:

Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը այսօր ժողով մը պիտի գումարէ` վաւերացնելու համար Թուրքիոյ հետ կնքուած համաձայնութիւնը:

Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանին կատարած մէկ հարցախոյզին, իսրայէլացիներուն 56 առ հարիւրը Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան դէմ է, իսկ 11 առ հարիւրը այդ հարցին վերաբերեալ տեսակէտ չունի:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.