2016-06-28 14:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 28 յունիս 2016-ին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնի առիթով, առաւօտեան ժամը 11.-ին­, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սբրազան Քահանայապետ ընդունեց Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան  համամիութենական պատուիրակութիւն մը։

Այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին  սկիզբը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ խնդրեց,որ  իր ջերմ ողջոյններն ու գնահատանքը փոխանցեն  Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Բարթողիմէոս Պատրիարքին  ու Սուրբ Սիւնհոդոսին։

Սրբազան Հայրը ակնարկելով ապա իր կողմէ հռչակուած Ողորմութեան Սուրբ Տարուան, յարեց ''Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերը, իրենց կեանքին  զանազան պարագաներուն, նախ  եւ առաջ  ապրեցան մեղքին փորձառութիւնները ապա Աստուածային Ողորմութեան հզօրութիւնը'' ապա յայտնեց թէ ''այս փորձառութիւններուն միջոցաւ, Սուրբ Պետրոս՝ որ ուրացաւ իր վարդապետը, Սուրբ Պօղոս, որ կը հալածէր նորածին եկեղեցին, դարձան անխոնջ քարոզիչներ եւ վկաները Աստուծոյ փրկագործութեան խորհուրդին, որ  շնորհուած է  իւրաքանչիւր մարդուն, Քրիստոսի Միջոցաւ'' ։

Հետեւելով Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերուն , ինչպէս նաեւ այլ առաքեալներու  օրինակին,   եկեղեցին որ   կազմուած է մեղաւոր մարդոցմով , եւ փրկուած՝ Մկրտութեան խորհուրդով,  պատմութեան եւ դարերուն ընթացքին շարունակեց հռչակել Աստուածային ողորմութեան միեւնոյն պատգամը  ըսաւ ապա Քահանայապետը ընդգծեց թէ ''Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութեամբ, կը վերանորոգենք ներողամտութեան  փորձարարութեան եւ շնորհքի  յիշատակը'' Ան ապա անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցած բաժանումներուն։ 

''Քրիստոնէութեան առաջին դարերէն իսկ Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիներու միջեւ  գոյութիւն ունեցած  են բաժանումներ, ըլլայ ծիսական ըլլայ դաւանաբանական գետնի վրայ, սակայն միշտ ապրած են  միեւնոյն Աստուծոյ անհուն սիրոյ փորձառութիւնը`մեր փոքրիկութեան ու մեր դիւրաբեկութեան նկատմամբ  եւ  ունեցած ենք միեւնոյն  կոչումը՝ վկաները ըլլալու Աստուծոյ սիրոյն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց թէ  ՝՝Աստուծոյ միեւնոյն Ողորմածութիւն է, որ  մեզ կ՝ազատագրէ անցեալի կշիռքէն, որ յատկանշուած է պայքարներով, եւ մեզի թոյլ կու տայ բացուելու  դէպի ապագայ, հոն ՝ուր մեզ կ՝առաջնորդէ Սուրբ Հոգին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ բարձր արժեւորեց երկու եկեղեցիներու միջեւ  գոյատեւող  Աստուածաբանական երկխօսութիւնը  եւ այս ծիրէն ներս իր գնահատանքը յայտնեց Մետրոպոլիտ Մեթոտիոյին, հիւսիսային ամերիկայի մէջ կատարուած Օրթոտոքս եւ Կաթողիկէ Աստուածաբանական խորհրդակցութեան ծիրէն ներս տածած բեղուն աշխատանքներուն համար, որուն համանախագահն է  Արքեպիսկոոսը ։ 

Սրբազան Հայրը իր  ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսոյն գումարուելիք  Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան Միջազգային խառն յանձանխումի ժողովին համար ապա անդրադարձաւ նաեւ անցեալ ապրիլ ամսոյն Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական  Բարթողոմէոս Պատրիարքին եւ  Աթէնքի ու  համայն Յունաստանին  Արքեպիսկոպոս գերերջանիկ Իերոնիմոս Բ-ի հետ միասին,  Լեզւոս Կղզիի մէջ գաղթականներու  տուած  այցելութեան հաստատելով, թէ  այդ տխուր պահերուն իրենց համար մեծ մխիթարութիւն եղած է,  մարդկային ու հոգեւոր մօտիկութիւնը,  զոր ապրեցաւ Տիեզերական Բարթողոմէոս Պատրիարքին եւ Աթէնքին Արքեպիսկոպոսին հետ։

Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ միշտ առ աւելիով գիտակից կը դառնանք,  որ մենք կաթողիկէներս  ու Օրթոտքոքներս , ունինք հասարակաց պատասխանատուութիւն հանդէպ կարիքաւորներուն, հնազանդ գտնուելով  Յիսուսի  Քրիստոսի մեր Տիրոջ միակ Աւետարանին ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադառնալով Կրետ կղզիին մէջ եզրափակուած  համ-ուղղափառ եկեղեցիներուն ժողովին. թէ Ինք եւ Կաթողիկէ անթիւ հաւատացեալները   աղօթած են  ժողովին դիտաւորութեան  եւ յոյս յայտնեց, որ Սուրբ Հոգին սոյն ժողովէն ծլի արատ պտուղներ , համայն եկեղեցւոյ բարիքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.