2016-06-28 09:20:00

Սէրը յայտարար


Այն ատեն Յիսուս այս առակը պատմեց անոնց. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ ունենայ հարիւր ոչխար եւ կորսնցնէ անոնցմէ մէկ հատը, իննիսուն եւ ինը չի թողուր եւ չ'երթար կորսուածը փնտռելու՝ մինչեւ որ զայն գտնէ: Եւ երբ գտնէ զայն, ուրախութեամբ կը դնէ ուսերուն վրայ եւ տուն վերարարձին կը հաւաքէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ'ըսէ զանոնք. «Խնդակցեցէ՛ք ինծի, որովհետեւ գտայ կորսուած ոչխարս»:

Մեր շրջանը կ'ապրինք այս ողորմութեան տարին քրիստոնէական ընբռնումով՝ ապաշխարութեան շրջանը: Մեղքէն հեռանալու ժամանակն է, ետ դարձի, զղջոււմի եւ մաքրազտումի օրեր են:

Քրիստոտ հաստատած է Ապաշխարութեան խորհուրդը: Իր Առաքեալներուն եւ անոնց յաջորդներուն տուած է իշխանութիւնը արձակելու մեղքերը:

Խոստովանանքը Քրիստոսի հետ հանդիպում մըն է Սիրոյ: Հաւատքի խորհուրդ է, որւգն համար անհրաժեշտ է վարդապետին արձակումը եւ խոստովանողին զղջումը:

Ահա, այ՛ս է Ապաշխարութեան խորհուրդին ամենախոր իմաստը եւ խոստովանանքին էականագոյնը, թէ երկնաւոր Հայրը կ'ուզէ իր ամբողջ սէրը եւ բարութիւնը մեզի յայտնաբերել:

Իսկ «Կորսուած ոչխարին»ին առակը կը յայտնաբերէ Աստուծոյ կեցուածքը հանդէպ մեղաւոր մարդուն, որ զղջացած կը վերադառնայ իրեն: Ոչ միայն գրկաբաց կ'ընդունի զինք, այլ ուրախութեամբ լի՝ իր տունը կը հրաւիրէ բարեկամները, որ խնդակից ըլլան իրեն: Խրախճանքի սեղանակիցներուն առջեւ պաշտօնապէս կը վերահաստատէ զղջացած – գտնուած որդին իր ժառանգութեան մէջ: Դեռ աւելի, երկինքը, որ յաւիտենական սիրոյ եւ ցնծութեան բնակավայրն է, հրեշտակները եւ ամբողջ երկնային դասը աւելի մե՛ծ, նո՜ր ուրախութիւն ունենան:

Ի՞նչ խորհուրդ է այս... ո՞րն է այս իրադարձութեան գաղտնիքը...

Մարդը կ'արհամարէ ու կը նախատէ Աստուածը, իսկ այս թշնամանուած Աստուածը ոչ միայն կը ներէ ու կը ցնծայ զղջացած վերադարձին այլ՝ իրեն ուրախակից կ'ընէ ամբողջ տիեզերքը:

Հարցումիս կը պատասխանի ինքնին Քրիստոս յայտարարելով. «Ով որ ինծի գայ, դուրս չեմ հաներ զինքը»:

Աստուծոյ ամենաներքին էութիւնը է՛ Սէրը:

Աստուած Սէր է:

Եւ Սէրը այնպիսի բան մըն է, որ կ'ուզէ ինքզինք ցուցաբերէլ ու հաղորդել: Ասոր համար երկնաւոր Հայրը կը տենչայ իր սէրը մեզի ցուցնել եւ իր սիրով մեզ լիացնել: Մարդկօրէն ըսուած, Աստուծոյ համար երանութիւն է, այս սէրը մեզի յայտնել եւ ապացուցանել:

Այս իմաստով հասկնալու ենք Փրկչին խօսքը Աւետարանէն. «Կ'ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն կայ մէկ մեղաւորի համար, որ կ'ապաշխարէ, քան իննիսուն եւ ինը արդարներուն համար, որոնք պէտք չունին ապաշխարութեան»:

Այո՛, Աստուած կրնայ մէկ մեղաւորի սրտին եւ մտքին զեղուլ եւ յորդել իր ամբողջական սէրը: Եւ ա՛յս իր ուրախութիւնն է, կարծես, ա՛յս իր կարիք-պահանջքն է: Ճիշդ այսպէս հասկնալու ենք նաեւ «Անառակ որդի»ի առակին մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը զթառատ հօր եւ գանգատող մեծ որդիին միջեւ:

Աստուծոյ էութիւնը եւ խորախորհուրդը է՛  սէրը՝ մարդերուն համար անըմբռնելի, որովհետեւ  մեր բանականութեան ծիրէն վեր է:

Սակայն նախ՝ կարեւոր է, մենք պայմանները ստեղծենք, որ Աստուած կարենայ մեզ վերստին սիրել: Պահանջուած պայմանները – այսինքն՝ մեր ըրած սխալին եւ մեղքին վրայ անդրադառնալ, զղջալ եւ ուզել դարձի գալ – ստեղծենք, որ ասով կարելիութիւն տանք Աստուծոյ, մեզի իր ներող եւ բարձրացնող սէրը փաստելու, իր աստուածային սէրը շռայլելու:

Աստուած իր այս սիրոյն մէջ ի՞ինչ կ'ընէ մեզի...

Երկնաւոր Հայրը կը ներէ մեզի ամէն բան եւ կը ջնջէ մեր մեղքերուն յանցապարտանքը: Կը ներէ ու կը ջնջէ ամբողջապէս, ցմիշտ եւ վերջնականապէս: Դառնութեան ոչ մէկ հետք կը մնայ: Դեռ աւելի, Աստուած իր սիրոյն մէջ միայն չի սիրեր մեր յանցանքը, այլ նաեւ՝ կը պարգեւէ մեզի իր շնորհքը: Այս կը նշանակէ, թէ Ան ընքզինք կու տայ, իր կեանքը, կեանքը Աստուածոյ զաւակներուն՝ Քրիստոսի անդամներուն:

Մենք չենք այլեւս ծառաներ, այլ՝ սիրելի զաւակներ: Մասնակից ենք Աստուածային կեանքին: Ամէն:

Հարր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

 

 

 

  








All the contents on this site are copyrighted ©.