2016-06-28 08:49:00

Մէկ օրուան ընթացքին 9 անձնասպանական գործողութիւն Լիբանանի մէջ


Լիբանանցիներուն, յատկապէս Քաայի բնակչութեան համար երկուշաբթի, 27 յունիս՝ ցաւալի եւ ողբերգական օր մըն էր:

«Ազդակ» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ մէկ օրուան ընթացքին 9 անձնասպանական գործողութիւններ թիրախ դարձուցին Քաայի շրջանը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Այդ գործողութիւններէն չորսը արձանագրուեցան առաւօտեան կանուխ ժամերուն, իսկ հինգը` ուշ գիշերին, նուազ քան մէկ ժամուան ընթացքին:

Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ գիշեր ժամը 10:30-ին անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը մոթորսիքլեթով անցաւ Քաայի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մօտէն, ուր համախմբուած էին քաղաքացիներ` առ ի զօրակցութիւն առաւօտեան պայթումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն ընտանիքներուն, եւ անոնց կողմը նետեց ձեռնառումբ մը:

Ձեռնառումբին պայթելէն անմիջապէս ետք ան անձնասպանական գործողութիւն մը կատարեց` պայթեցնելով իր կրած ականուած գօտին:

Նոյն վայրը հասաւ անձնասպանական գործողութեան այլ հեղինակ մը, որ դարձեալ պայթեցուց ինքզինք:

Ապա երկու այլ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ ուղղուեցան նոյն վայրը, սակայն անոնք ենթարկուեցան հետապնդումի, հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք պայթեցուց քաղաքայիններէն հեռու վայրերու մէջ` առանց ոչ ոքի վնաս հասցնելու:

Երրորդը ինքզինք պայթեցուց բանակի զրահապատներէն մէկուն մօտ, իսկ միւսը` բանակի գաղտնի սպասարկութեան գրասենեակին մօտ:

Լիբանանեան բանակը յաւելեալ ուժեր գործուղեց դէպի Քաա` հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը:

Քաայի մէջ լիբանանեան բանակը, անկարգելաւորներու ջոկատն ու քաղաքացիները` պարտէզներուն մէջ խուզարկում կատարեցին, շրջանը ահաբեկիչներէն մաքրելու նպատակով:

Լիբանանեան բանակը կէս գիշերէն սկսեալ անդադար ռմբակոծեց Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներու խմբաւորումներուն դիրքերը:

Իր կարգին, Հըզպալլա բուռն կերպով ռմբակոծեց Քաայի բարձունքները` կանխելու համար զինեալներուն կողմէ դէպի Լիբանան հաւանական ներթափանցում մը:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.