Հռոմի պապի Հայաստան կատարած այցը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի պատերազմէն փախած սուրիահայերուն համար:
Խաղաղութեան մասին խօսքերը կարեւոր են 35-ամեայ Անժելա Աղեմեանի եւ անոր երեք երեխաներուն համար: «Մեզի համար խաղաղութիւնը ամենակարեւոր բանն է: Մեր ընտանիքէն ներս տիրող խաղաղութիւնը կորսուած է»,- ըստ News.am-ի` Երեւանի մէջ պարբերականի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ Անժելան: «Իսլամական պետութեան» զինեալները Անժելայի ամուսնուն սպաննած են այն բանին համար, որ չէ հրաժարած քրիստոնէական հաւատքէն: Երեք երեխաներու մայրը մտադիր չէ Սուրիա վերադառնալուն, թէեւ Հալէպի մէջ տուն ունի, նաեւ ծնողները մինչեւ հիմա այնտեղ կ’ապրին:
Ըստ հեղինակին, Հայաստան բազմաթիւ տնտեսական մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է, բայց «Սուրիացի փախստականները կը հաւաստեն, որ ամենաշատը կը գնահատեն այն ջերմ ընդունելութիւնը, որուն արժանացած են»: Հակառակ երկրին մէջ տիրող գործազրկութեան բարձր մակարդակին` Աւետ Տեմուրեան կը խոստովանի, որ Սուրիայէն հեռացած հայերը կրցած են աշխատանք գտնել որպէս բժիշկ, ոսկերիչ, մեքանիկ, վարսայարդար, խոհարար:
Անժելան կ’ըսէ` տորթ ու կարկանդակներ կը թխէ եւ շատ ապահով կը զգայ Հայաստանի մէջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |