2016-06-28 08:35:00

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ համայնքի թեմական Բ. համագումարը


Երեքշաբթի 28 Յունիս 2016` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրսէյ Նահանգի Լիթլ Ֆոլզ քաղաքի Սուրբ Սիրտ Յիսուսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 9.30ին սկիզբ առին Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին երկօրեայ Թեմական Բ. Համագումարի աշխատանքները` «Եկեղեցի մը ուր Հաւատք և Համայնք կ'աճին ու կը պտղաբերեն...» խորագրով: Համագումարին կը մասնակցին 68 ներկայացուցիչներ ժամանած Թեմին բոլոր Ժողովրդապետութիւններէն իրենց ժողովրդապետ հովիւներուն հետ, նախագահութեամբ Թեմին Առաջնորդ Հօր` Արհիապատիւ Հայր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի:
Համագումարին գլխաւոր նպատակն է, միասնաբար խորհրդակցիլ և հովուական ուղեցոյցներ որոշել, որոնք կիրարուին Թեմին ժողովրդապետութիւններուն մէջ` դիմագրաւելու համար ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները. Երիտսարդներուն ներգրաւումը Եկեղեցւոյ հովուական կեանքին մէջ, անոնց Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը և, խառն ամուսնութիւնները օտարներու հետ: Համագումարէն ետք, Հինգշաբթի 30 Յունիսին, պիտի գումարուի Թեմին մէջ ծառայող կղերին տարեկան ժողովը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.