2016-06-27 08:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապ յոյս ու լոյս սփռեց հայոց աշխարհին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց իր 14-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը որ զինք առաջնորդած էր դէպի ''առաջին քրիստոնեայ երկիր'', Աստուածաշնչական Արարատի զաւակներուն մայր հայրենիք` Հայաստան։
Իր այս 14-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապը իր պարզութեամբ եւ իր անկեղծ մօտիկութեան վերաբերմունքով կարողացաւ առ աւելիով սիրաշահիլ հայ ազգի զաւակներուն սրտերը, որոնք սրտբաց ու խանդավառ ընդունեցան Սուրբ Պետրոսին յաջորդը, որ Հայաստան ժամանած էր որպէս Աւետարանի Ծառայ ու Խաղաղութեան պատգամաւոր։
Հայաստանը երեք օրերու ընթացքին ապրեցաւ պատմական պահեր, ու հայորդիներու միակ իղձն այն էր` մօտիկէն տեսնել ու ճանչնալ Հռոմին Պապը որ ուխտագնացութեամբ եկած էր Հայաստան ամրապնդելու անոնց հաւատքը ու միեւնոյն ատեն ''մխրճուելու  անոն հինաւուրց իմաստութեան մէջ  եւ ըմպելու անոնց հաւատքի աղբիւրէն'' ինչպէս ըսած էր Նորին Սրբութիւնը, Ճամբորդութեան նախօրեակին Հայ ազգին ուղղած իր պատգամին մէջ, ուր եւ բացայայտօրէն յայտնած էր իր Հիացմունքն ու ցաւը իր տես ''հայ ժողովուրդի պատմութեան իրադարձութիւններուն''։
''Հիացմունք, ըսած էր Սրբազան Քահանայապետը, որովհետեւ Յիսուսի խաչին եւ ձեր հանճարին մէջ գտաք միշտ վերականգնելու ոյժը, նաեւ տառապանքներէ, որոնք մարդկութեան յիշողութեան մէջ ամենէն սարսափելիներն են։ Ցաւ՝ այն ողբերգութիւններուն համար, որոնք ձեր հայրերը ապրեցան իրենց մարմնին վրայ''։
Շնորհակալութիւն եւ ցտեսութիւն ըսած էր Սրբազան Պապը իր պատգամին աւարտին մինչ համայն հայորդիները անոր բարի գալուստ կը մաղթէին։
Այսպէսով է որ անցեալ 24 Յունիսին սկիզբ կ՛առնէր Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ունեցաւ բազմաթիւ պաշտօնական հանդիպումներ ու մասնակցեցաւ հոգեւոր արարողութիւններու եւ աղօթքի հանդիպումներու։
Հազիւ Հայաստան ժամանած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սրբազան Քահանայապետին ի պատիւ տփղ ունեցաւ բարի գալուստի արարողութիւն ու այդ արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքին մէջ նշեց թէ ''Յուզումով ոտքը դրաւ հայց ժողովուրդի պատմութեան վկայի ու հոգեկանութեան լուսաշող կեդրոնի սրբազան վայրի շեմին''։ Ան ապա ըսաւ թէ ինք կը խոնարհի Տիրոջ ողորմութեան առջեւ որ կամեցաւ Հայաստանը ըլլայ առաջին Ազգը որ  301-ին ընդունեց Քրիստոնէութիւնը որպէս կրօն։ Քրիստոսի հաւատքը Հայաստանի համար, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը, չէ եղած որպէս զգեստ մը որ կարելի է հագնիլ կամ հանել պարագաներու կամ առիթներու համաձայն­, այլ ան սեփական ինքնութեան բաղկացուցիչ Իրականութիւն է, գերազանց պարգեւ մը, ուրախութեամբ ընդունելի եւ ժրաջանութեամբ ու ուժով պահպանելի''։
Սրբազան Քահանայապետը ապ ընդգծեց Կաթողիկէ ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրական ու անկեղծ երկխօսութեան միջոցաւ կատարուած քայլերը ի սպաս Գոհութեան Սեղանը կիսումին։  Ան հուսկ անդրադարձաւ աշխարհի բաժանումներուն եւ ընդհարումներուն ինչպէս նաեւ Հոգեւոր եւ նիւթական աղքատութեան, երախաներու ու ծերերու չարաշահումին հաստատելով թէ այս բոլոր քրիստոնեաներէն կ՛ակնկալեն փոխադարձ գնահատման ու եղբայրական համագործակցութեան վկայութիւն,  որպէսզի աշխարհին փաստուի թէ Քրիստոս կենդանի է եւ գործօն ու կարող՝ ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ միշտ նորանոր հաշտութեան ճանապարհներ բանալու:

ՀՀ նախագահական Պալատին մէջ հանդիպում ունենալով Քաղաքական իշխանութիւններուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու վերյիշեց  Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ 2015-ին մատուցած Սուրբ Պատարագը «Մեծ Եղեռն»ի հարիւրամեակի յիշատակումին առթիւ, այդ արարքը դարձեալ որակելով ցեղասպանութիւն ու ողբերգական նկատելով որ ''հզօր երկիրները­, ըլլայ այս պարագային ըլլայ այլ պարագաներու ընթացքին, այլուր դարձնուցին իրենց նայուածքը''։ 

Փառք ու պատիւ Հայ ժողովրդին, որ լուսաւորուած Աւետարանի լոյսով, նոյնիսկ իր պատմութեան ամենաոյբերգական պահերին, Քրիստոսի Խաչի եւ Յարութեան մէջ միշտ գտած է վերականգնելու ոյժը եւ պատուով վերսկսելու ընթացքը'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու խրախուսեց բոլորը ''բազմապատկելու ջանքերը՝ որպէսզի միջազգային հակաճառութիւններում միշտ գերակշռեն երկխօսութիւնը, խաղաղութեան կայուն եւ հարազատ փնտռտուքը, Պետութիւնների միջեւ համագործակցութիւնը եւ միջազգային կառոյցների փոյթեռանդն ջանքը, կառուցելու համար վստահութեան մթնոլորտը՝ հասնելու բարենպաստ ու մնայուն համաձայնութիւնների'':


Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա թէ այս տարի կը նշուի Հայաստանի անկախութեան 25րդ ամեակը ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ աջակցութիւնը Հայաստանին ապա ճառը եզրափակեց հայցելով որ ''Աստուած օրհնի եւ պաշտպանի Հայաստանը, լուսաւորուած հաւատով, նահատակների քաջութեամբ, յոյսով՝ որ աւելի զօրաւոր է քան ամէն ցաւ'':

 

Ճամբորդութեան երկրորդ օրը Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը այնտեղ Հայոց բիւրաւոր նահատակներուն հոգւոյն համար աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած ու յուշահամալիրի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրեց հետեւեալ խօսքերը.

՝Այստեղ կ՝աղօթեմ՝ ցաւը  սրտիս մէջ, որպէսզի՝ այլեւս երբեք նման ողբերութիւններ չըլլան, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ  բարութեամբ  յաղթել չարութեան։ Թող Աստուած շնորհէ սիրուած հայ ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին խաղաղութիւն ու սփոփանք։

Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը։  Յիշողութիւնը պէտք չէ ոռոգուի եւ  ոչ ալ մոռացումի ենթարկուի։ Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի ակնաղբիւրն է՝՝։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ փոխադրուեցաւ Գիւմրի` այցելելով հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը ու անոնց մասնակցութեամբ Գիւմրիի հրապարակին վրայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, մինչ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ Համամիութենական աղօթքի հանդիպումին ու այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց համամիութեան ընթացքին կարեւորութիւնը։

Ճամբորդութեան վերջին օրը Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին մատուցած Սուրբ Պատարագին ապա մասնակցեցաւ իրեն ի պատիւ սարքուած հիւրասիրութեան հուսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ միասին ստորագրեց Միասնական Յայտարարութիւն մը որ կ՛ամփոփեր երեք օրուայ այցելութեան ճառերու ու պատգամներու պարունակութիւնը ինչպէս նաեւ ճամբորդութեան իմաստը ու եզրափակիչ պատգամը։

Սրբազան Քահանայապետին պատմական այցելութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ Խոր Վիրապը ուր Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ միասին աղօթելէ ետք, Խոր Վիրապի հրապարակէն ազատ արձակեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող երկու սպիտակ աղաւնիներ։ Այդ խաղաղութիւնը որուն դարերէ ի վեր կը ձգտի հայ ազգը։ Խաղաղութիւնը զոր Ֆրանչիսկոս Պապ որպէս պատգամաւոր ուզեց բերել հայոց աշխարհ։








All the contents on this site are copyrighted ©.