2016-06-27 14:40:00

Անգարան եւ Պաքուն արձագանգած են Հռոմի Պապի Երեւանեան յայտարարութիւններուն


Պաշտօնական Անգարան այսօր անդրադարձած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն: «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտի Հռոմի պապի խօսքերը 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Անոր կողմէ ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործումը կրկին ցոյց տուաւ հաւատարմութիւնը հայկական կողմի անհիմն պնդումներուն, որ չունի ոչ պատմական, ոչ ալ իրաւական հիմնաւորում»,- ըստ armradio.am-ի՝ ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

«Անատոլու» գործակալութեան փոխանցմամբ` յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հերթական անգամ մենք գործ ունինք կրօնական խտրականութեան հետ ` Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ունեցած ցաւի եւ կորուստներու վերաբերեալ»:

Անգարան աւելի հեռուն գացած է` նշելով, թէ Հռոմի պապի այցը Հայաստան չի նպաստեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութիւն հաստատման` Ապրիլին ղարաբաղեան հակամարտութեան շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ծիրէն ներս:

Եթէ պաշտօնական Անգարան հիմնականօրէն կը ջղաձգուի Հռոմի պապին` ցեղասպանութեան եզրի օգտագործման առնչութեամբ, ապա պաշտօնական Պաքուի ուշադրութեան կեդրոնին կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովուապետին խօսքերն են` ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ: Այս երկրի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմէն Հաջիեւը այսպէս ընկալած է խաղաղութեան մասին պապի կոչերը. Ֆրանչիսկոսը կոչ ըրաւ Հայաստանին վերջ դնել «Ատրպէյճանական տարածքներու բռնազաւթման»:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.