2016-06-26 16:23:00

Խոր Վիրապի ուխտագնացութեամբ վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 Յունիս յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Էջմիածինէն հրաժեշտ առնելէ ետք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ միասին մեկնեցաւ Խոր Վիրապ` ուր այցելեց ''Սուրբ Գրիգորի Վիրապի'' դահլիճը ու  քովնտի մատուրը։

Ֆրանչիսկոս Պապը Խոր վիրապի մուտքին դիմաւորուեցաւ Վանքի մեծաւորէն ու ապա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ միասին թափօրով մուտք գործեց ''Սուրբ Գրիգորի Վիրապի'' դահլիճ, ուր երկու մոմեր վարեցին ապա ուղղուեցան քովնտի մատուրը ուր հայերէնով եւ իտալերէնով խաղաղութեան աղօթքներ արտասանեցին։

Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ Ամենակալ Աստուծմէ հայցեց որ մեզ արդարութեամբ առաջնորդէ իր ճանապարհին վրայ ու Անոր ողորմութեամբ հասնինք փրկութեան դրան։

Աղօթքէն ետք երկու հայրապետները փոխանցեցին ողջոյնի խօսքեր ապա աղօթեցին Հայր Մեր աղօթքը հուսկ միասնաբար ուղղուեցան Խոր Վիրապի հրապարակ ուր Արարատ լեռան սեմին ազատ արձակեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող  երկու աղաւնիներ։

Խոր Վիրապին տուած այցելութեան աւարտին  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իրեն ընկերացող շքախումբին հետ միասին ուղղուեցան Երեւանի Զուարթնոց օդակայան ուր նախատեսուած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը աւարտելով Հայաստան կատարած առաքելական պատմական երրօրեայ ճամբորդութիւնը, հրաժեշտ առաւ արարողութեան ներկայ գտնուող ՀՀ պատկան իշխանութիւններէն ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն բարձրացաւ Ալիթալիա ընկերութեան օդանաւ ու վերադարձ կատարելու Հռոմ` Չամփինօ օդակայան, ապա Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.