2016-06-24 08:41:00

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 24 Յունիս 2016-ի առաւօտեան ժամը 9-ին սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի  առաջին քրիստոնեայ երկիր` Հայաստան ուր ժամանումը նախատեսուած է Երեւանի ժամով 15-ին ­(Հռոմի ժամով 13-ին)։

''Աղօթեցէք ինծի համար` հայաստան ճամբորդութեանս համար'' խնդրած էր Նորին Սրբութիւնը  եւ ահա այդ աղօթքի ընկերակցութեամբ է որ սկիզբ կ՛առնէ Նորին Սրբութեան այս 14 միջազգային ճամբորդութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետին Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան ժամանումին զինք դիմաւորեց ու բարի ճանապարհ մաղթեց շրջանի Եպիսկոպոսը` Գերապայծառ  Ճինօ Ռէալի։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ կը ճամբորդեն միջազգային լրատուական գործակալութիւններ ներկայացնող 75 լրագրող ու գործիչներ ինչպէս նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկանի Պետութեան տեղակալը Գերապայծառ Անճելօ  Պեչչու եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի։

Սրբազան Քահանայապետի օդանաւը պիտի սաւառնի հետեւեալ երկիրներուն օդային տարածքին վրայ որոնց Պետական Իշխանութիւններուն Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, բարեմաղթական հեռագիրեր կ՛ուղղէ թռիչքի ընթացքին։ Այդ երկիներն են Իտալիա, Խրուաթիա, Պոզնիա Էրզիկովինա, Մոնթենեկրօ, Սերպիա­­, Պուլկարիա­, Թուրքիա եւ անշուշտ Հայաստան։
Մինչ Սրբազան Քահանայապետի օդանաւը կ՛ուղղուի դէպի  դրախտային երկիր Հայաստան­, հայ ազգի զաւակները անհամբեր կը սպասեն անոր ժամանումին զայն ընկալելու որպէս իրենց մէկ հարազատը­­, իրենց մէկ աւագ եղբայրը, ինչպէս կ՛արտայայտեն բազմաթիւ հայորդիներ որոնք Ֆրանչիսկոս Պապին մէջ կը տեսնեն Բարի Հովիւը` տիեզերական եկեղեցւոյ հովուապետը որ կու գայ Հայաստանն ու հայերը այցելելու որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր եւ Աւետարանի ծառայ, հայ ազգի զաւակներուն աղօթքի միանալու ու միասնաբար փառաբանելու Տէրը հայ ազգին շնորհած իւրայատուկ պարգեւին համար­­, ըլլալու աշխարհի առաջին ազգը որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս կրօն եւ այդ իրենց հաւատքին համար չզլացաւ նոյնիսկ իր արիւնը թափելու ու դառնալու նաեւ նահատակ ազգ։
Ահա այդ նահատակներու արիւնն է որ այսօր Հռոմի Պապի քայլերը կ՛ուղղէ Հայաստան։
Ցտեսութիւն ըսած էր ան ճամբորդութեան նախօրեակին յղած իր պատգամին մէջ։ Բարի եկած էք Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ըսէ այսօր համայն Հայաստանն ու հայութիւնը։  
Բարի եկած էք Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.