2016-06-24 13:04:00

Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Տէյվիտ Քեմերոնը հրաժարական տուած է


Հրապարակուած են Մեծ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու հարցով հանրաքուէին վերջնական արդիւնքները:

Ընտրողներու կէսէն աւելին` 51.8%-ը, կողմ քուէարկած է ԵՄ-ն լքելուն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով The Telegraph-ը։

Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Տէյվիտ Քեմերոնը, որ կոչ կ՝ընէր շարքային բրիտանացիներուն դէմ քուէարկելու ԵՄ-ի կազմէն դուրս գալուն, արդէն յայտարարած է իր հրաժարականին մասին:

Մինչդեռ Սպիտակ տունը տեղեկացուցած է, որ նախագահ Պարաք Օպաման ուշադիր կը հետեւի Մեծ Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն ու կը պատրաստուի հանդէս գալ պաշտօնական յայտարարութեամբ:

Քաղաքական գործիչը նաեւ կանխատեսած է, որ քուէարկութեան արդիւնքները կարագացնեն ԵՄ-ի վերջնական քայքայման գործընթացը:

Ոլորտի վերլուծաբանները կը կանխատեսեն, որ դէպքերու նման զարգացումը պիտի յանգեցնէ անոր, որ մօտ ապագային պիտի կայանայ Սքոթլանտայի անկախացման հարցով հանրաքուէն:

Հրապարակուած են Մեծ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու հարցով հանրաքուէին վերջնական արդիւնքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.