2016-06-24 18:09:00

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստանեան այցին նուիրուած յուշամետալ թողարկուած է


Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատուն թողարկած է յուշամետալ` նուիրուած Նորին Սրբութիւն Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի Հայաստանի Հանրապետութիւն այցին (24-26 յունիսի, 2016 թ.), որուն կարգախօսն է` «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր»:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Կեդրոնական դրամատան հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութիւնը:

301 թուականի Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը հռչակուած է պետական կրօն, ինչ որ կապուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան հետ: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը համաքրիստոնէական տօնելի սուրբ է, անոր մասունքները դարերու ընթացքին սփռուած են ողջ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ:

Համաքրիստոնէական շրջանակներու մէջ կարեւորելով եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւններուն զօրացումը` Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 2000 թուականին այցելած է Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցի եւ անոր գահակալ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապին, որ, իր հերթին, 2001 թուականին իր մասնակցութիւնը բերած է քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակելու 1700-ամեակի տօնակատարութիւններուն:

Յուշամետալի դիմերեսին պատկերուած է Խոր Վիրապի վանքը Արարատ լերան ֆոնի վրայ եւ Ֆրանչիսկոս Պապի այցի թուագրումը, իսկ դարձերեսին` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի արձանը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի արտաքին որմնախորշին վրայ (2005 թ., քանդակագործ` Խաչիկ Ղազանչեան), Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զինանշանները:

Յուշամետալը սահմանափակ քանակութեամբ է եւ ունի պատմամշակութային արժէք:








All the contents on this site are copyrighted ©.