2016-06-24 07:28:00

Արամ Ա ''Միջին Արեւելքը յատուկ կարեւորութիւն ունի Հայ Ժողովուրդին ու Հայ Եկեղեցւոյ համար։


Վերոյիշեալ հաստատումը կատարեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Չորեքշաբթի, 22 Յունիս 2016-ի առաւօտուն, ընդունելով Հոլանտայի գլխաւոր թերթերու թղթակից Մարգոն Բոնդալ։ Յիշեալ թղթակիցը Միջին Արեւելք ղրկուած է Հոլանտայի թերթերուն համար իր արժեւորումներն ու մեկնաբանութիւնները կատարելու Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն նկատմամբ, ու միաժամանակ զեկոյց մը պատրաստելու Հոլանտայի եկեղեցիներուն համար, այս պարագային շեշտելով քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ու մանաւանդ ապագան շրջանէն ներս։ Ահա այս ծիրէն ներս թղթակիցը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։

Առաջին հերթին Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան ըսաւ. «Պէտք չէ զարմանալ ի տես շրջանի անկայուն վիճակին։ Միջին Արեւելքի պատմութեան ծանօթ ոեւէ մէկուն համար անբնական կամ տարօրինակ չէ շրջանին պարզած ներկայ կացութիւնը։ Յետադարձ ակնարկով նայեցէք Միջին Արեւելքի պատմութեան։ Արդարեւ, բախումներով, հակազդեցութիւններով, լարուածութիւններով, բեւեռացումներով ու նոյնիսկ արիւնալից պատմութիւններով լեցուն պատմութիւն մը ունեցած է Միջին Արեւելքը, որուն ընկերութիւնը միշտ եղած է բազմակրօն, բազմաձեւ ու բազմամշակոյթ։ Սակայն ծայրայեղ իսլամական շարժումներու յառաջացումը շրջանը այսօր դրած է նոր վտանգներու դիմաց»։

Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը. «ա) Իսլամ ու քրիստոնեայ համայնքները երկար դարեր միասին ապրած են. ճիշդ է, երբեմն որոշ բախումներ ու դժուարութիւններ ունեցած են, սակայն փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ ամրացած գոյակցութիւնը, շրջանի պատմութեան ամէնէն դրական երեւոյթներէն մէկը եղած է եւ կը մնայ։ բ) Ճիշդ չէ ներկայ ծայրայեղ կամ արմատական իսլամ շարժումները բնորոշել որպէս հակաքրիստոնէական երեւոյթներ։ Անոնք դէմ են բոլոր անոնց, որեւէ կրօնի պատկանող, ներառեալ իսլամ, որոնք իրենց կրօնական գաղափարախօսութիւնները չեն բաժներ։ գ) Ծայրայեղ այս շարժումները կը ներկայանան տարբեր անուններով, դիմակներով ու մեթոտներով. սակայն զանոնք միացնող հասարակաց յայտարարը իրենց գաղափարախօսութիւններն են՝ կրօնական քօղին տակ ծածկուած։ դ) Նոր ժամանակներու այս չարիքը միայն Միջին Արեւելքին յատուկ երեւոյթ մը չէ, այլ համամարդկային չարիք է, որ զանազան կերպերով ինքզինք կ’արտայայտէ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն ներս»։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ «Համամարդկային բնոյթ ունեցող այս չարիքը համամարդկային ճիգով պէտք է դիմագրաւել։ Այլ խօսքով՝ պետութիւններ, կրօններ, ընկերութեան կեանքէն ներս գործող կառոյցներ իրենց բոլոր կարելիութիւնները՝ տնտեսական, կրօնական քաղաքական ու ռազմական, ի գործ պէտք է դնեն արմատախիլ ընելու այս չարիքը ընկերութեան կեանքէն ներս։ Նման աշխատանքի պէտք է շուտով լծուիլ, արդէն ուշ է։ Այս աշխատանքին առաջին քայլը պէտք է ըլլայ չէզոքացնել այն աղբիւրները, որոնք զանազան ձեւերով նեցուկ կը կանգնին նման շարժումներու, ինչ-ինչ նպատակներէ մեկնելով»։

Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս միշտ պատասխանելով թղթակիցի հարցումներուն, իր խօսքը կեդրոնացուց նախ քրիստոնեայ համայնքներուն եւ ապա հայ համայնքին. «Միշտ յիշեցուցած ենք Արեւմուտքին, թէ քրիստոնեայ համայնքները կը պատկանին շրջանին, անոնք եկուոր չեն, գաղթական չեն՝ անոնք իրենց արմատները ունին շրջանէն ներս։ Պատմութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է այս ուղղութեամբ։ Քրիստոնէութեան ծննդավայրը հոս է, քրիստոնէութեան մեծագոյն իրագործումները այս շրջանէն ներս կատարուեցան։ Հետեւաբար, մենք այս հայեցակէտով պէտք է մօտենանք քրիստոնէութեան ներկայութեան Միջին Արեւելքէն ներս։ Ճիշդ է, ֆիզիքական ներկայութեան իմաստով քրիստոնէութիւնը մեծ վնասներու ենթարկուեցաւ յատկապէս Համաշխարհային Առաջին եւ Երկրորդ պատերազմներու, Իսրայէլ-արաբ պատերազմներու եւ վերջին շրջանին Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի տագնապներուն հետեւանքով։ Սակայն քրիստոնէութիւնը միշտ ներկայ է ու ամրօրէն կառչած իր իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն։ Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ արեւմտեան երկիրները փոխանակ իրենց մտահոգութիւնը արտայայտելու, կամ օգտակար հանդիսանալու արտագաղթին, փորձեն զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսանալ, որ քրիստոնեայ համայնքները մնան շրջանէն ներս եւ իրենց գոյութիւնը աւելի ամրապնդող կարելիութիւններով օժտուին։ Մեր սպասումն է, որ արեւմտեան երկիրներու պատասխանատուները յաճախակիօրէն յիշեցնեն իսլամ պետական պատասխանատուներուն, որ քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանէն ներս կենսական է քաղաքական, մշակութային, տնտեսական ու ապահովական իմաստով»։

Խօսելով Միջին Արեւելքէն ներս հայ համայնքներու ներկայութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Յատկապէս կիլիկեան շրջանէն սկսեալ հայ համայնքներ ներկայ եղած են Լիբանանի, Երուսաղէմի, Դամասկոսի, Հալէպի, Գահիրէի եւ այլ շրջաններէ ներս։ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս ապրող հայութեան մէկուկէս միլիոնը ջարդուեցաւ եւ մնացեալը հաստատուեցաւ յիշեալ շրջաններէն ներս եւ յառաջացան կազմակերպ գաղութներ։ Այս ընթացքը դիւրին չեղաւ։ Գաղթական եկանք արաբական աշխարհ, սակայն շնորհիւ մեր աշխատանքին, եւ արաբ ազնիւ ու խաղաղասէր ժողովուրդին ցուցաբերած սիրոյն ու եղբայրական ոգիին, դարձանք կազմակերպ համայնքներ։ Միւս քրիստոնեայ համայնքներուն հետ ունեցանք սերտ գործակցութիւն, իսլամ համայնքներուն հետ եւս փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համակեցութիւն։ Մենք պահեցինք մեր լեզուն, մշակոյթը ու հաւատքը։ Արաբ պետութիւնները լայն կարելիութիւններ ընծայեցին մեզի այս իմաստով։ Մենք նաեւ մեր ժողովուրդին դատը հետապնդեցինք, միշտ վայելելով զօրակցութիւնը արաբներուն՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ։ Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը ու յատկապէս Լիբանանը եղաւ ծննդավայրը հայ ժողովուրդի վերածննդեան։ Ահա թէ ինչու մենք Միջին Արեւելքէն ներս հայութեան ներկայութիւնը, անոր առաւել հզօրացումը կը նկատենք հրամայական։ Ճիշդ է, մենք դարձեալ ունեցանք անկախ Հայաստան, ան հայրենիքն է այս աշխարհի վրայ ապրող բոլոր հայերուն։ Անոր հզօրացումը կարեւոր է մեզի համար, սակայն Սփիւռքի հզօրացումը եւս կը նկատենք առաջնահերթ՝ միշտ մեկնելով մեր ժողովուրդի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն ու ձգտումներէն»։

Շարունակելով Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու մասին իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ «Հակառակ այն իրողութեան, որ որոշ թիւով հայեր դժբախտ պայմաններու բերումով հեռացան շրջանէն, սակայն մենք մեր գերագոյն ճիգը պիտի թափենք, որպէսզի մեր համայնքները միշտ մնան կազմակերպ՝ կառչած իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն, որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ իրենց ապրած երկիրներէն ներս»։

Որպէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահներէն մէկը, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքի աւարտին նաեւ անդրադարձաւ յիշեալ Խորհուրդի գործունէութեան ու անոր կարեւոր առաքելութեան, որպէս եկեղեցիներու միջեւ քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդող կամուրջ, ինչպէս նաեւ կամուրջ Արեւելքի ու Արեւմուտքի եկեղեցիներուն միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.