2016-06-23 08:55:00

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Արցախ


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 22-ին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Արցախ: Հանրապետութեան հարաւային թեւին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան այցելած են սահմանագիծի կարգ մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած են զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ նախագահի մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը։

Նոյն օրը հայկական երկու պետութիւններուն ղեկավարները մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ունեցած են խորհրդակցութիւն՝ պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին հետ եւ քննարկած բանակաշինութեան առնչուող հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.