2016-06-22 09:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը մահապատիժի դէմ համաշխարհային 6-րդ համագումարին մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) 21-էն 23 յունիս 2016-ին, Նորվեկիոյ Օսլօ քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ մահապատիժի դէմ  համաշխարհային 6-րդ համագումարը, կազմակերպութեամբ ՝՝ միասնաբար մահապատիժի դէմ՝՝  կազմակերպութեան, եւ աջակցութեամբ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան։
Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  144 կազմակերպութիւններ։ Անոնց նպատակն է ջնջել մահապատիժի օրէնքը։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ համագումարին մասնակիցներուն յղեց պատկերասփռուած պատգամ մը, որուն մէջ կʼողջունէ մահապատիժի դէմ առնուած քայլերը եւ կը դրուատէ այդ ուղղութեամբ աշխատող կազմակերպութիւնները եւ պետութիւնները։
Մեզի յոյս կը ներշնչէ այն պարագան, ըսաւ Սրբազան Պապը, թէ հասարակութեան կարծիքը միշտ աւելի ընդդիմադիր կեցուածք կʼորդեգրէ մահապատիժի դէմ, եթէ նոյնիսկ դա ընկերութեան պաշտպանման օրինաւոր միջոց մը կը նկատուի։
Մահապատիժը անընդունելի է, որովհետեւ կը թշնամանէ մարդկային անհատի կեանքին նուիրականութեան եւ արժանապատուութեան. կը հակասէ Աստուծոյ ծրագրին եւ Անոր գթառատ արդարութեան։ Մահապատիժը յագուրդ չի տար  արդարութեան, այլ կը սնուցանէ ոխ։ «Մի սպաներ» պատուիրանը բացարձակ արժէք մըն է՝ թէ՛ արդարին եւ թէ՛ մեղաւորին հանդէպ։
Ողորմածութեան բացառիկ յոբելեանը բարենպաստ առիթ մըն է աշխարհի չորս կողմ յառաջացնելու կեանքի եւ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութեան յարգանքի աւելի զարգացած կերպեր։ Պէտք չէ մոռնալ, որ նաեւ ոճրագործը ունի կեանքի անձեռնմխելի եւ աստուածատուր իրաւունքը։
Սրբազան Պապը քաջալերեց մահապատիժի բարձումին համար տարուած աշխատանքները եւ յորդորեց որ աշխատանք տարուի նաեւ բանտերու վիճակի բարելաւման ուղղութեամբ՝ բանտարկեալներու մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ ցուցաբերուած լիուլի յարգանքով։
Արդարութիւն հաստատել չի նշանակեր պատիժը ինքնանպատակ համարիլ. այլ նկատել, որ բոլոր պատիժներու նպատակն է յանցագործի վերավարկումը։
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց ըսելով՝ «Կը վստահիմ, որ այս համագումարը նոր զարկ տայ մահապատիժի վերացման ջանքերուն։ Կը քաջալերեմ բոլոր մասնակիցները այս մեծ նախաձեռնութեան մէջ եւ կʼապահովցնեմ անոնց իմ աղօթքս։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.