2016-06-22 11:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ընդհանուր ունկդրութիւնը ՝՝բորոտին հաւատքը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 22 յունիս 2016-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ  շնորհեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական ընհդանուր ունկնդրութիւնը, ներկայութեամբ իտալիայէն եւ օտար երկիրներէն ժամանած  անթիւ հաւատացեալներուն։ Սբրազան Հօր հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթը եղաւ Աւետարանի մէջ գրուած բորոտի բուժումը Յիսուսի կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ըսաւ.   

«Տէր եթէ կ՝ուզես, կրնաս զիս մաքրել» (Ղուկ Ե. 12) Այս խօսքերով բորոտը կը դիմէ Յիսուսի։ Ան չի խնդրեր միայն ապաքինում, այլ կը խնդրէ «մաքրուիլ», այսինքն ամբողջապէս վերականգնիլ՝ մարմնով եւ սրտով։ Բորոտութիւնը նկատուած էր  Աստուծոյ անէծքը, որ պղծէր անհատի ամողջ էութիւնը։ Բորոտը պէտք է հեռու մնար բոլորէն. չէր կրնար մասնակցիլ որեւէ պաշտամունքի – ան հեռու էր Աստուծմէ եւ մարդոցմէ։

Սակայն, այն բորոտը, չʼընկրկիր ոչ հիւանդութեան առջեւ, եւ ոչ ալ այն հանգամանքին առջեւ, որ մէկուսացուած մըն էր։ Նպատակն է հանդիպիլ Յիսուսի. չի վախնար օրէնքը խախտելէ եւ կը մտնէ քաղաք, եւ երբ կը գտնէ Յիսուս՝ ինքզինք նետէ Անոր առջեւ, աղաչելով «Տէր, եթէ կʼուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Հակառակ որ այս մարդը անմաքուր նկատուած էր, սակայն այն ինչ որ կը գործէ եւ կը խօսի՝ հաւատքի արտայայտութիւն է։ Կը ճանչնայ Յիսուսի զօրութիւնը. ապահով է՝ որ Յիսուս կարողութիւնն ունի զինք բուժելու եւ թէ ամէն ինչ կախեալ է Անոր կամքէն։ Այս հաւատքը եւ զօրութիւնն է, որ թոյլ կու տայ բորոտին՝ խորտակել ամէն ընդունուած պայման եւ ձգտիլ Յիսուսի հետ հանդիպման եւ ծնրադրելով Անոր առջեւ, զայն «Տէր» կոչել։ Բորոտին խնդրանքը ցոյց կու տայ, թէ երբ Յիսուսի կը ներկայանանք՝ պէտք չունինք երկար խօսքերու։ Կը բաւեն սակաւ խօսքեր, ընկերակցած Անոր ամենակարողութեան եւ բարութեան հանդէպ ամբողջական վստահութեամբ։ Մեր անձը վստահիլ Աստուծոյ կամքին՝ կը նշանակէ ինքինք յանձնել Անոր անսահման ողորմածութեան։ Չկայ ուրիշ վայր՝ ուր մարդ արարածը կարենայ ինքզինք աւելի ապահով զգալ։

Յիսուս խորապէս զգացուած է այս մարդու հաւատքէն։ Մարկոսի Աւետարանը կʼընդգծէ, թէ «Յիսուս կարեկցելով, երկարեց ձեռքը, դպաւ անոր եւ ըսաւ՝ ʼկʼուզեմ, մաքրուէ՛ʼ» (Մրկ Ա. 41)։ Յիսուսի արարքին կը հետեւին խօսքերը, ուր կը հաստատէ իր ուսուցումը։ Հակառակ Մովսէսի օրէնքի կարգաւորութեան, որ կʼարգիլէր մօտենալ բորոտներուն (հմմտ Ղեւտ ԺԳ. 45-46), Յիսուս կʼերկարէ ձեռքը եւ կը դպչի անոր։ Քանի՛ քանի՛ անգամներ մենք կը հանդիպինք աղքատի։ Կրնանք առատաձեռն ըլլալ, կրնանք կարեկցիլ, սակայն չենք դպչիր անոր։ Անոր դրամ կու տանք, սակայն կը մերժենք հպիլ անոր ձեռքին։ Կը մոռնանք, թէ ան Քրիստոսի մարմինն է։ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ վախ չունենալ դպչելու աղքատին եւ մէկուսացեալին, որովհետեւ Ինք անոնց մէջն է։ Դպչիլ աղքատին կրնայ մաքրել մեզ կեղծաւորութենէ, եւ մեզ յուզել՝ ի տես անոր վիճակին։

Բորոտը բուժելէ ետք, Յիսուս կը հրամայէ անոր ոչ ոքի չպատմել պատահածը, այլ այնոր կʼըսէ՝ «գնայ եւ ինքզինքդ քահանային ցոյց տուր ի վկայութիւն անոնց եւ կատարէ Մովսէսի պատուիրած զոհը»։ Յիսուսի այս տրամադրութիւնը ցոյց կու տայ երկու բան։ Առաջին՝ շնորհքը, որ կը գործէ մեր մէջ, չի ձգտիր զգայացունց կերպով հանդէս գալու։ Ան կը շարժի զուսպ կերպով առանց աղմուկ յարուցանելու։ Բուժելու համար մեր վէրքերը եւ մեզ սրբութեան ճամբուն վրայ առաջնորդելու համար շնորհքը կʼաշխատի համբերատար կերպով կազմաւորել մեր սրտերը՝ ըստ Տիրոջ Սրտին։

Երկրորդը՝ բուժումի պատահարը պաշտօնապէս քահանաներու կողմէն հաստատել տալով եւ քաւութեան զոհը մատուցանելով, բորոտը կրկին կʼընդունուի հաւատացեալներու համայնքէն, եւ ընկերային կեանքէն ներս։ Անոր կրկին ներգրաւումը կʼամբողջացնէ ապաքինումը։ Ան վերաջապէս մաքրուած է ամբողջութեամբ՝ ինչպէս կը խնդրէր Յիսուսէն։ Վերջապէս, քահանաներուն ներկայանալով, բորոտը վկայութիւն կու տայ Յիսուսի եւ անոր Մեսիական հեղինակութեան։ Կարեկցութեան ոյժը, որով Յիսուս կը բուժէ բորոտը, այդ մարդուն մէջ կʼարթնացնէ հաւատքը եւ զայն կը մղէ քարոզութեան։

Խորհինք մեր եւ մեր խեղճութիւններու մասին՝ անկեղծօրէն։ Քանի՛ անգամներ կը ծածկենք զանոնք քաղաքավար կեղծաւորութեամբ։ Պէտք է ծնկադրենք Ատստուծոյ առջեւ եւ աղօթենք՝ «Տէր, եթէ կ՝ուզես, կրնաս զիս մաքրել։»








All the contents on this site are copyrighted ©.