2016-06-22 11:35:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ժողովին


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան ժողովը տեղի պիտի ունենայ 22-28 Յունիս 2016-ին` Թրոնտհայմի մէջ, Նորվեկիա: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Թենի Սիմոնեան: Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունի խորհուրդին վերջին տարուան գործունէութեան քննարկումը, խորհուրդի ծրագիրներուն արժեւորումը, խորհուրդ-եկեղեցի յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ, միջազգային հարցերու գծով խորհուրդին որդեգրած մօտեցումները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շրջանին առնչուած առաջնահերթութիւններ:

Կեդրոնական վարչութեան հանդիպումէն անմիջապէս առաջ, խորհուրդին Գործադիր վարչութիւնը պիտի ունենայ միօրեայ հանդիպում մը, որուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Կեդրոնական վարչութեան ժողովի պատրաստութիւնը: Գործադիր վարչութեան հանդիպումին պիտի մասնակցի Թենի Սիմոնեան` փոխարինելով Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.