2016-06-22 08:31:00

Կարդինալ Քուրթ Քոխի յօդուածը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան կատարելիք այցելութեան առիթով


Յանդուգն Վկաներ

(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան ճամբորդութիւնը շահաւէտ առիթ մըն է զօրացնելու եղբայրական յարաբերութիւնները Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ, որ զարգացման ընթացքի մէջ է Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովէն ի վեր։

Այս այցելութիւնը կը կատարուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի այցելութենէն 15 տարիներ ետք։ Դա պատմական նորութիւն մըն էր այն ժամանակ։ Սրբազան Պապ մը առաջին անգամ ըլլալով կʼօթեվանէր այլ Եկեղեցւոյ մը պետի նստավայրին մէջ։ Նախ՝ գործնական պատճառով. որովհետեւ Քահանայապետական Նուիրակը Երեւանի մէջ նստավայր չունէր։ Սակայն առաւել եւս համամիութենականութենէ մղուած այդ քայլը կʼառնուէր։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս կʼուզէր Սրբազան Պապին մատուցել այն հիւրասիրութիւնը, ինչ որ Պօղոս Զ. Քահանայապետը մատուցած էր Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին՝ հիւրընկալելով Վեհափառը Վատիկանի մէջ։

Համամիութենական այցելութիւնները ոչ միայն աստուածաբանական կարծիքներու փոխանակման կը նպաստեն, այլ կը ստեղծեն բարեկամական եւ եղբայրական հոգիի մշակոյթ մը՝ Աւետարանի հոգիին համաձայն։ Կարելիութիւնը կʼընծայեն, հիւրընկալելու եւ հիւրընկալութիւն ընդունելու։ Համամիութենականութիւնը նպատակ ունի զարգացնելու հիւրընկալութեան եւ բարեկամութեան մշակոյթ մը, քաջալերելով ըլլա՛յ ուրախութեան կամ ցաւի բաժնեկցումը քրիստոնեաներու միջեւ։ Անոնք կոչուած են բուժելու անցեալի վէրքերը եւ մեղմացնելու իրարու բեռը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կʼայցելէ այն երկիրը, որ իբր ազգ առաջինը եղած է պաշտօնապէս ընդունելու քրիստոնէութիւնը։ Ըստ աւանդութեան աւետարանումը կատարուած էր արդէն Թաթէոս եւ Բարթողիմէոս Առաքեալներու ձեռքով։ Իսկ իբր ազգ, պաշտօնական դարձը կը կատարուէր 301-313 թուականներուն շնորհիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, որ Սրբազան Պապի այցելութեան ժամանակ ներշնչման աղբիւրը պիտի հանդիսանայ զանազան հանդիպումներու առթիւ։

Ապա Ծիրանաւորը մանրամասնօրէն կʼանդրադառնայ Սուրբ Գրիգոր Լուսաորիչի կենսագրութեան, յիշելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ նաեւ Խոր Վիրապը։

Այս այցելութեան առիթով յատուկ կերպով պիտի շեշտուի քրիստոնէական իւրայատուկ ինքնութիւնը, յիշելով որ համամիութենականութիւնը կը կատարուի միասին ճանապարհ կտրելով՝ հասնելու ամբողջական միութեան։

Ասոր համար, այս համամիութենական հանդիպումը մեզ կը հրաւիրէ գերազանցելու «բախումներու մշակոյթը», որ բաժանում կը յառաջացնէ։ Պէտք է ընդլայնել «հանդիպման մշակոյթի» տարածքը, որ մեզ կը կրթէ՝ գործելու երկկողմանի հասկացողութեան եւ միութեան ի նպաստ։

«Երկխօսութիւնը միայն գաղափարներու փոխանակում չէ։ Ան կերպով մը պարգեւներու փոխանակում է», կʼըսէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետ։ Այս իմաստով, զ. օ. Սուրբ Գիրգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը, 2015ի ապրիլի 12ին, հրաւէր մըն էր խորացնելու հայ ժողովուրդի հոգեւոր գանձերը։

Ապա Կարդինալ Քոխ կը մէջբերէ վկայութիւններ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետներէն, շեշտելով թէ համամիութենական աշխատանքի մէջ պէտք է նկատի առնել էական տարրերը որոնք մեզ կը միացնեն եւ կատարել աշխատանքը աղօթքի ընկերակցութեամբ, ուր յատուկ տեղ կը գրաւէ միասնական աղօթքը։

Ուշագրաւ կէտ մըն է Ֆրանչիսկոս Պապի բազմիցս յիշած «արեան համամիութենականութիւնը»։ Հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան պատմութիւնը բնորոշուած է հալածանքներով եւ բռնութիւններով։ Մարտիրոսութիւնը վերածուած է հայ ինքնութեան նկարագրական դիմագիծին, թանձրացեալ կերպով իրականացած խաչքարերու մէջ։

Կարդինալ Քոխ յօդուածին մէջ կը խորանայ «մարտիրոսութեան» նիւթին մէջ յիշատակելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի ուսուցումը այս հարցի շուրջ, ուր անոնք քրիստոնեայի տառապանքը կը տեսնեն Յիսուսի մահուան, խորհուրդին մէջ, որ սիրոյ գերագոյն զոհն է։ Մարտիրոսութիւնը ինքնին սիրոյ մեծ արարք մըն է՝ իբր պատասխան Աստուծոյ անսահման սիրոյն։

Ֆրանչիսկոս Պապ 2015ի ապրիլ 12ին խօսած իր քարոզին մէջ յստակօրէն արտայայտուած էր՝ «ներկայ ժամանակը պատերազմի ժամանակ է, համաշխարհային երրորդ պատերազմ մը, որ կը կատարուի մաս առ մաս, ուր օր ըստ օրէ վկայ կʼըլլանք սարսափելի ոճիրներու, արիւնալի կոտորածներու եւ կործանիչ կատաղութեան։ Մարդկութիւնը անցեալ դարուն ապրած է երեք մեծ անլուր ողբերգութիւններ։ Առաջինը՝ այն, որ ընդհանուր կերպով ընդունուած է իբր 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, հարուածած էր ձեր հայ ժողովուրդը, առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը, ինչպէս եւ ասորի կաթողիկէներ եւ ուղղափառներ, արեւելեան ասորիներ, քաղդէացիներ եւ յոյներ։ Սպաննուած են եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ, կիներ, այր մարդիկ, ծերեր, մինչեւ իսկ երեխաներ եւ անպաշտպան հիւանդներ։»

Միասնական երթը մեր վրայ կը դնէ նաեւ միասնական պարտականութիւններ։ Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական այցելութիւնը ուժեղ քաջալերանք մըն է՝ միասնաբար աշխատելու խաղաղութեան եւ արդարութեան համար, միասնաբար վկայելու կարեւոր արժէքներ՝ ինչպէս իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի սրբութիւն եւ արժանապատուութիւն, եւ ամուսնութեան սրբութիւն։ Միասնաբար փնտռելու միջոցներ՝ վերացնելու բոլոր անոնց տառապանքը, որոնք հալածուած են իրենց հաւատքի պատճառով. զարգացնելու զօրակցութիւնը քրիստոնեայ եւ Միջին Արեւելքի այլ փոքրամասնութիւններուն համար, եւ կառուցելու սիրոյ եւ խաղաղութեան կամուրջներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.