2016-06-21 13:06:00

Սարգսեան,Փութին,Ալիեւ պայմանաւորուած են շարունակել պարբերական եռակողմ բանակցութիւնները


Երկուշաբթի, 20 յունիս 2016-ին,  Ս. Փեթերսպուրկի Քոնսթանթինովեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը: Սակայն նախքան այդ, Փութին անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով անդրադառնալով Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին յայտնեց, որ Ռուսիան պիտի փորձէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ աշխուժօրէն աջակցիլ կողմերուն: «Մենք արդէն ունեցած ենք, կ՛ըսէի, որոշիչ դեր մարտական գործողութիւններու դադրեցման մէջ», նշեց ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց. «Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ Փութինի բանակցութիւնները դիւրին պիտի չըլլան»:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Փութինի հետ իր հանդիպումէն առաջ` պատասխանելով լրագրողի հարցումներուն խօսեցաւ հանդիպումէն իր սպասելիքներուն մասին: «Վերջին քանի մը տարիները ցոյց տուած են, որ բանակցային հոլովոյթը քիչ թէ շատ արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ, եթէ կողմերը կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները: Այսինքն, իրենց գործողութիւնները համահունչ են 1994 եւ 1995 թուականներուն կնքուած զինադադարի համաձայնագիրի կէտերուն: Վիեննայի մէջ 16 մայիսին համանախագահներու յայտարարութիւնը եւս այդ մասին կը վկայէ: Կ՛ակնկալեմ, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մենք ի վերջոյ կը համաձայնինք եւ Ազրպէյճան պիտի կատարէ իր պարտաւորութիւնները, սահմաններու վրայ խախտումներ չեն ըլլար, եւ մենք պիտի շարունակենք բանակցային հոլովոյթը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման լաւ նպատակով»,- ըսաւ ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.