2016-06-21 09:48:00

Համա-ուղղափառ եպիսկոպոսաց ժողով. Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները


Երբ կը խօսինք քրիստոնէական յարանուանութիւններու մասին, «Ուղղափառ» կամ «Օրթոտոքս» պաշտօնական անուանումը կու տանք այն Եկեղեցիներուն, որոնք կʼընդունին Տիեզերական առաջին եօթ Ժողովները։ «Ուղղափառ» որակումը կը գործածեն սակայն բոլոր Եկեղցիները, նշելով իրենց անաղարտ եւ առաքելական աւանդութեան։ «Օրթոտոքս» բառը կազմուած է յունարէն «օրթոս» (ուղիղ) եւ «տոքսա» (փառաբանութիւն, հաւատք) բառերէն։ Այս Եկեղեցիները պէտք է զանազանենք Հին-Արեւելածէս եկեղեցիներէն, որոնք նոյնպէս ստէպ կը գործածեն «Ուղղափառ» կամ «Արեւելեան Ուղղափառ» յորջորջումը։ Հին-Արեւելածէս Եկեղցիներն են Հայ Առաքելական, Ղպտական, Ասորական, Եթովպական, Էրիթրէական, Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցիները։ Առանձին Եկեղեցիներ են՝ Արեւելեան Ասորի Եկեղեցին, որ անուանուած է նաեւ Նեստորական, եւ Արեւելքի Հին Եկեղցին։ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը յիշուին երկու մեծ «հերձուածներ», բաժանումներ։ Առաջինը՝ «Արեւելեան կամ Յունական հերձուածը», որ տեղի ունեցած է Օրթոտոքս եւ Լատին Եկեղեցիներու միջեւ, 1054 թուականին. երկրորդը՝ Եւրոպայի մէջ կատարուած բաժանումն էր, որմէ յառաջ եկաւ Բողոքական Եկեղեցին, 1517 թուականէն ետք։ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ Եկեղեցիներու բաժանումներուն մէջ պատմական որոշ թուականներ յատուկ կերպով աչքի կը զարնեն։ Յիշենք ասոնցմէ մի քանին.
5րդ դարուն տեղի կʼունենայ Հին Արեւելածէս Եկեղեցիներու ճիւղաւորումը (Նախաքաղկեդոնեան Եկեղեցիներ)։ 9րդ դարուն Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրները քրիստոնէութիւնը կը քարոզեն սլաւներուն։
988 թուականին՝ Ռուսաստան կʼընդունի քրիստոնէութիւնը։ 1054ին տեղի կʼունենայ Ուղղափառ եւ Լատին Եկեղեցիներու բաժանումը։
1204 թուականին, խաչակիրները կը գրաւեն Կոստանդնուպոլիսը, խորացնելով թշնամական կեցուածքը Լատին եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ։
1438/9 թուականին, Փլորենտիոյ (Ֆլորենց) մէջ կը կատարուին միութեան փորձերը, որոնք սակայն կը ձախողին։
1453 թուականին Կոստանդնուպոլիսը կʼիյնայ օսմանցիներու ձեռքը։ Ռուսաստան ինքզինք կը նկատէ իբր Օրթոտոքս Եկեղեցիներու եւ հաւատացեալներու առաջնորդ պետութիւն։ 19րդ դարէն սկսեալ արեւելեան Եւրոպայի երկիրները կʼազատագրուին Օսմանեան Կայսրութենէն։ Անկախութեան հասնելով, անոնք կը հիմնեն յարաւարեւելեան Եւրոպայի Ուղղափառ ազգային Եկեղեցիները։ Ներկայիս Արեւելեան եւ Ուղղափառ Եկեղեցիները կը գտնուին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Ներկայ ժամանակներու ընկերային կեանքի վերիվայրումներու մէջ, հաւատքի սկզբունքներու ժամանակակից հասկացողութեան բազմազանութեան եւ արդի աշխարհը յուզող բարոյական հարցերու մէջ՝ Եկեղեցիները կարիքը կը զգան դիրքորոշում որդեգրելու։ Սակայն, ոչ միայն կրօնական եւ վարդապետական հարցեր կը յուզեն այդ Եկեղեցիները, այլ նաեւ իրաւասութեան խնդիրներ, քաղաքական ալեկոծ պայմաններ եւ, հայ ժողովուրդին ալ քաջածանօթ, սփիւռքի համայնքներու եւ թեմերու հարցեր։ Ասոր համար, Ուղղափառ Եկեղեցիները կը գումարեն Համ-Օրթոտոքս Ժողովը, որպէսզի կարենան միասնական պատասխան մը տալ իրենց դէմ ծառացած հարցերուն։ Ընկերային, իրաւասական եւ քաղաքական հարցերը՝ ոչ միայն կը ներկայանան իբր մարտահրաւէրներ, այլ եւ երբեմն խոչընդոտ՝ որդեգրելու միահոգի եւ միասիրտ ուղղութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.