2016-06-21 10:34:00

Արեւլեան ուղղափառ եկեղեցիները


«Եկեղեցին մի է»։ Այսպէս կը հաւատան եւ կը հաստատեն Քրիստոնէական զանազան Եկեղեցիները կամ յարանուանութիւնները։ Սակայն Քրիստոնէական Եկեղեցիներու մէջ կայ բաժանումի էական գիծ մը, որ առընչուած է Տիեզերական Ժողովներու եւ անոնց որոշումներու ընդունման կամ մերժման հետ։ Արեւելքի Ասորական Եկեղեցին կʼընդունի միայն առաջին Տիեզերական Ժողովը, Արեւելածէս Եկեղեցիները, որոնց կարգին Հայոց Եկեղեցին, կʼընդունին միայն առաջին երեք Տիեզերական Ժողովները, Ուղղափառ կամ Օրթոտոքս Եկեղեցիները կʼընդունին միայն 7 Տիեզերական Ժողովներ, մինչ Կաթողիկէ Եկեղեցին կʼընդունի 21 Ժողովներ։ Քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ սկիզբէն միշտ կարիքն զգացուած է յստակելու վարդապետական հարցեր։ Ասոր համար արդէն Առաքեալները՝ 45-50 թուականներուն շուրջ կը հաւաքուին Երուսաղէմի մէջ՝ ճշդելու համար հեթանոսներու առաքելութեան մէջ երեւան եկած խնդիրներ (Գործք ԺԵ. 11)։ Կոստանդիանոս Մեծ Կայսրը, 313 թուականի հանդուրժողութեան հրովարտակով՝ կը դադրեցնէ քրիստոնէական կրօնքի դէմ կատարուած հալածանքները եւ կը թոյլատրէ քրիստոնէութիւնը կայսրութեան սահմաններէն ներս։ Կոստանդիանոսի նախաձեռնութեամբ, 325 թուականին, Նիկիոյ մէջ (Բիւզանդիոնի մօտ), կը գումարուի տիեզերական առաջին ժողովը, Արիոսականներու յարուցած հերետիկոսութեան դէմ։ Սակայն, Արիոսով վերջ չէր գտներ մոլար վարդապետութիւններու ծնունդը։ Նախնական դարերուն՝ յստակեցումի անհրաժեշտութիւնը կը զգացուէր Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ Քրիստոսի անձին հայող վարդապետական հարցերու։ Ապա նաեւ ծիսական եւ այլ խնդիրներու լուծում տալու համար՝ աշխարհի չորս ծագերէն եպիսկոպոսներ կը հաւաքուէին, ուղիղ վարդապետութիւնը անաղարտ պահելու նպատակով։ Սակայն ոչ բոլոր Եկեղեցիները համաձայն կը գտնուէին բոլոր ժողովներուն։ Այսպէս յառաջ կու գային քրիստոնէական զանազան Եկեղեցիներ։ Տիեզերական առաջին Երեք ժողովները՝ Նիկիա (325 թուական), Կոստանդնուպոլսոյ Ա. Ժողով (381 թուական) եւ Եփեսոս (431 թուական) ընդունուած են Կաթողիկէ, Ուղղափառ եւ Արեւելածէս Եկեղեցիներու կողմէ։ Եփեսոսի Ժողովէն ետք արեւելածէս Եկեղեցիներ, որոնց կարգին Հայ Առաքելական Եկեղեցին, չեն ընդունիր այլ Տիեզերական Ժողով։ Յաջորդ Տիեզերական 4 ժողովները, Քաղկեդոն (451 թուական), Կոստանդնուպոլսոյ Բ. Ժողով (553 թուական), Կոստանդնուպոլսոյ Գ. Ժողով (680 թուական), Նիկիոյ Բ. Ժողով (787 թուական) ընդունուած են Կաթողկէ եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու կողմէ։ Յիշեալ Ժողովներէն ետք, 869 թուականէն մինչեւ 1962 թուական, կը գումարուին 14 Տիեզերական Ժողովներ, որոնք ընդունուած են միայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։ Արդ՝ կʼունենանք Նախաքաղկեդոնեան, Բիւզանդածէս Օրթոտոքս եւ Լատին կամ Հռոմական Եկեղեցի, եւ արեւելածէս Կաթողիկէ Եկեղեցիներ։ Պատմականօրէն, Հռոմի Ս. Պետրոսի Աթոռին հետ գոյութիւն ունին 4 նախնական պատրիարքութիւններ՝ Կոստանդնուպոլսոյ, Անտիոքի, Աղեքսանդրիայի եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւններ։ Այս հինգ աթոռներու կառոյցը կը կոչենք Փենթարխի, Հնգապետութիւն։ Արդէն առաջին Տիեզերական Ժողովներուն մէջ միշտ շեշտուած է այս Աթոռներու առաջնահերթութիւնը։ Այսօր՝ Ուղղափառ / Օրթոտոքս Եկեղեցիներու ընտանիքին կը պատկանին 4 հին Պատրիարքական Եկեղեցիները (Անտիոք, Աղեքսանրիա, Երուսաղէմ եւ Կոստանդնուպոլիս), եւ 15 ազգային Եկեղեցիներ։ Կը զանազանուին «անկախ» եւ «ինքնավար» Եկեղեցիներ։ Ինքնավար են՝ Ռուսաստանի, Սերպիայի, Ռումանիայի, Պուլկարիոյ եւ Վրաստանի Պատրիարքութիւնները։ Անկախ են՝ Կիպրոսի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Ալպանիայի, Չեխաստան ու Սլովաքիայի Ուղղափառ Եկեղեցիները։ Աթոս Լերան եւ Ֆինլանտայի Ուղղափառ անկախ Եկեղեցիները։ Եկեղեցիները կը զանազանենք նաեւ ծիսական ընտանիքներով։ Քրիստոնէական Եկեղեցիներու մէջ ընդունուած ծէսերն են՝ Հայկական, Ասորական (Անտիոքի ծէս), Արեւելեան Ասորական (Քաղդէական), Բիւզանդական, Աղեքսանդրական եւ Լատինական կամ Հռոմէկան։ Անտիոքի Ծէսին կը հետեւին՝ Ասորական, Հնկաստանի Մալանքար եւ Մարոնիթ Եկեղեցիները։ Աղեքսանդրական Ծէսին կը հետեւին՝ Ղպտի, Եթովպիական եւ Էրիթրէայի Եկեղիները։ Արեւելեան Ասորական Ծէսին կը հետեւին՝ Արեւելեան Ասորի Եկեղեցին, Հնդկաստանի Մալապար, եւ Քաղդէական Եկեղեցիները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.