2016-06-19 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ''Ապաստանեալներու Միջազգային օրուան առթիւ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 19 Մայիս 2016-ի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով  հրապարակը համախմբուած հաւացեալները վերյիշեց թէ վաղը` կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած Ապաստանեալներու Միջազգային օրը, որուն այս տարուայ նիւթն է ''Ապաստնեալներուն հետ. Մենք կողմնակից ենք անոնց որոնք ստիպուած են փախչիլ''։ Փախստականները, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մարդ էակ են բոլորին նման, որոնցմէ սակայն պատերազմը խլեց տուն, աշխատանք, ազգական ու բարեկամ։ Անոնց պատմութիւնները եւ անոնց դիմագիծերը մեզ կը կոչեն վերանորոգելու մեր յանձնառումը կառուցելու համար արդարութեան մէջ խաղաղութիւնը։ Ասոր համար է որ կ՛ուզենք մնալ անոնց հետ. Հանդիպիմ, հիւրընկալել, ունկնդրել զանոնք որպէսզի միասին դառնանք խաղաղութեան արհեստաւորներ Աստուծոյ ծրագրին համաձայն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.