2016-06-18 09:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց հիւանդ եւ տարեց քահանաներու երկու հասարակութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ

Ուրբաթ, 18 յունիսին՝ յետմիջօրէին,  այցելեց Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող երկու տարբեր երեց եւ հիւանդ քահանաներու՝ Մոնթէ Տապոր եւ Քազա Սան Կաէթանօ անուան հասարակութիւնները։

Սրբազան Հօր վերոյիշեալ վայրերու այցելութիւնը կը զուգադիպի քահանաներու եւ կղերականներուն Ողորմութեան Սուրբ Տարուան յոբելեանի նշման ամսուան։

Ան ծերուկ եւ հիւանդ քահանաներու այցելութեամբ, ուզեց իր մօտիկութիւնը ցուցաբերել նաեւ այն կղերականներուն եւ քահանաներուն, որոնք ֆիզիկապէս չի կրցան իրենց մասնակցութիւնը բերել Քահանաներուն ողորմութեան Սուրբ Տարուան յոբելեանի արարողութիւններուն ։

Ֆրանչիսկոս Պապ` ուրբաթ յետմիջօրէին,  առաջին այցելութիւնը կատարեց Մոնթէ Թապոր հասարակութեան ուր Սրբազան Հայրը քահանաներուն հետ ունեցաւ սիրալիր հանդիպում մը  Մոնթէ Թապոր  կեդրոնի մատրան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա այցելեց Հռոմի թեմի տարեց  քահանաներուն Քազա Սան Կաէթանօ անուան հասարակութիւնը, ուր հիւրընկալուած են 21 ծերունի քահանաներ։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի ծերուկ եւ հիւանդ քահանաներուն վերոնշեալ հասարակութիւններուն այցելութիւնը  կը համարուի  վեցերորդ այցելութիւնը զոր կատարած է  Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, Ողորմութեան Ուրբաթները նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.