2016-06-18 09:25:00

Ուղղափառ Եկեղեցիներու սիւնհոդոսը Կրետէ կղզիին մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) 16-27 Յունիսին, Կրետէ կղզիի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ակադեմիային մէջ, կը գումարուի “Համ-Օրթոտոքս Սուրբ Մեծ Ժողովը”։

Այս գումարման որոշումը կայացուցած են Ուղղափառ Ինքնավար Եկեղեցիներու առաջնորդները, տարւոյս 21-28 յունուարի հաւաքին ժամանակ, որ գումարուած էր Ժընեւի մէջ, Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսի հրաւէրով։

Հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յիշուած են այն կէտերը, որոնք պիտի քննարկուին վերոնշեալ ժողովի ընթացքին եւ որոնք կը հային այժմէական հարցերու ինչպէս՝ սփիւռքի համայնքները, Եկեղեցիներու ինքնավարութիւնը, Պսակի Խորհուրդը եւ անոր արգելքները, պահքի կարեւորութիւնը եւ անոր հետ կապուած այլ այժմէական հարցեր, ինչպէս նաեւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու յարաբերութիւնը քրիստոնեայ միւս յարանուանութիւններուն հետ։

Սուրբ Մեծ Ժողովի աշխատանքները կը սկսին կիրակի 19 յունիսին, մինչ 16-18 յունիսին տեղի ունեցան նախապատրաստական հանդիպումներ։

Նշենք թէ վերոնշեալ  Համաուղղափառ եպիսկոպոսաց ժողովը, Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցական ընտանիքին համար պատմական դէպք մըն է եւ Արեւելեան ուղղափառներուն համար Նիկիոյ Բ. Ժողովէն (787 թ.) ի վեր գումարուած ժողովներուն կարեւորագոյնը կը նկատուի:

Ժողովին նախապատրաստական աշխատանքները տեւած են շուրջ 55 տարի: Ժողովի գումարման որոշումը թէեւ հանդիպեցաւ բազմաթիւ խոչընդոտներու, սակայն տիեզերական պատրիարքութեան հրաւէրով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ ներկայացուցիչները արդէն սկսած են հասնիլ Կրետէ: Թէեւ 14 ուղղափառ Եկեղեցիներէն չորսը` որոնց շարքին նաեւ Մոսկուայի պատրիարքութիւնը վերջին օրերուն որոշեցին չմասնակցին ժողովին, միւս երեք եկեղեցիներն են Պուլկարիոյ պատրիարքութիւնը, Անտիոքի եւ Վրաստանի Պատրիարքութիւնները։

Հայ եկեղեցին (ինչպէս ղպտի, ասորի, հնդիկ, հապէշ եւ Էրիթրիոյ ուղղափառ եկեղեցիները) թէեւ մաս չի կազմեր Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ ընտանիքին, սակայն հրաւիրուած է իբրեւ դիտորդ մասնակցելու այս պատմական դէպքին: 








All the contents on this site are copyrighted ©.