2016-06-18 10:18:00

Թուրքիա պարտաւոր է Եւրոմիութեան պայմանները կատարելու. Թուսք


ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք ըսած է, թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները Եւրոմիութենէն կը պահանջեն թէ՛ անոր նկատմամբ համերաշխութիւն յայտնել եւ թէ զայն քննադատել: Նշելով, որ խօսքի եւ մամլոյ ազատութեան խախտումները անթոյլատրելի են՝ Թուսք կարեւոր նկատած է գաղթականներու ճգնաժամի հանգուցալուծման հարցին մէջ Թուրքիոյ դերը՝ իբրեւ Եւրոմիութեան գործընկեր։ Ան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ բարդ իրավիճակ կը տիրէ՝ «շաբաթական դարձած ահաբեկչութիւններով ու չամրացուած սահմաններով Իրաքի, Սուրիոյ եւ Իրանի հետ»:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ՝ առանց այցագիրի Եւրոմիութիւն մուտք գործելու համաձայնութեան, Թուսք ըսած է, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբեր, իսկ անոնց ելքը կախեալ է Թուրքիոյ կողմէ Եւրոպական Միութեան պահանջներու կատարումէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.