2016-06-18 10:13:00

Երանելի կը հռչակուի քոյր Մարիա Չելեսթէն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 18 յունիսին, Ֆոճիա քաղաքին մէջ  Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթօն,  հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի զոհի ընթացքին  երանելի կը հռչակէ  Աստուծոյ աղախին քոյր Մարիա Չելեսթէ Քրոզթարոզանը ։

Աւազանի անունով Ճուլիա Մարչելլա Քրոզթարոզա, ծնած էր Նափոլի քաղաք` 1696-ին, ազնուական եւ հարուստ ընտանիքի յարկին տակ։

1716-ին,  20 տարեկանին, իր քրոջ հետ միասին մտած է դեռ   նոր հիմնուած   Թերեզիանօ Տի Մարիկանօ վանք եւ հոն ապրած է  7 տարի,  ապա անցած է    իր հոգեւոր հօր ՝ հայր Թոմազի կողմէ հիմնուած Սքալայի  վանք եւ հոն  անցուցած է     9 տարի։

Սքալայի վանքին մէջ քոյր Ճուլիան ապրեցաւ   հոգեւոր եւ երկնային փորձառութիւններ,  միաժամանակ սակայն ենթարկուած է   մարդկային հալածանքներու,  որոնց  շարքին արժանէի է յիշել  հետեւեալը.

25 ապրիլ 1725-ին, Յիսուս կ՝երեւնայ Քոյր ճուլիային եւ անոր կը յայտնէ  բաղձանք մը՝  ըստ որուն, Յիսուս  Աստուծոյ  աղախինին միջոցաւ աշխարհի մէջ կ՝ուզէ  հիմնել նոր հաստատութիւն մը  որուն կանոնագրութիւնը ներշնչուած  ըլլայ  Քրիստոսի կեանքէն։

Յիսուս երկրորդ անգամուայ համար կ՛երեւնայ  Քոյր Ճուլիային եւ անոր կը  յայտնէ  միաբանութեան  տարազը եւ կրելիք բոլոր չարչարաքները։

Հնազանդելով միաբանութեան մեծաւոր մօր հրահանգին, Քոյր Ճուլիան կը պատրաստէ  Սքալա վանքի միաբանութեան կանոնագիրքը ,  ներշնչուելով Տիրոջ տեսիլքէն, ինչպէս նաեւ  խիստ ծոմապահութիւն ու աղօթք կատարելով։

Կարճ ժամանակամիջոցէ մը վերջ քոյր Ճուլիային կողմէ պատրաստուած կանոնագիրքը կը վաւերացուի Աստուածաբանական խորհուրդի կողմէ ինչպէս նաեւ իր հոգեւոր հօր կողմէ զայն համարելով որպէս Աստուածային ներշնչում։

1733-ին, Քոյր Ճուլիայի կանոնագիրքը կ՝ենթարկուի կարգ մը փոփոխութիւններու   եւ զինք կը ստիպեն  յարգել  նոր կանոնագիրքի օրէնքները։

Սակայն՝ Աստուծոյ աղախինը չ՝ընդունելով  ենթարկուիլ կանոնագիրքի նոր օրէնքներուն, կը հեռանայ Սքալայի վանքէն եւ կը հաստատուի Նոչերա քաղաքի մէջ գտնուող վանք,  ուր՝ տեղւոյն եպիսկոպոսին խնդրանքին ընդառաջելով կը բարեփոխէ վանքին կանոնագիրքը։

19 մարտ 1738-ին քոյր Մարիա Չելեսթէ, Ֆոճիա քաղաքին մէջ կը հիմնէ ՝՝ Սուրբ  Փրկչին քոյրերը՝՝ անուամբ   միաբանութիւնը, որուն կանոնագիրքը կը կազմուի Յիսուսի  ներշնչած խօսքերէն եւ միաբանութեան  քոյրերու   տարազը կարել կու տայ  Յիսուսի բաղձանքին համաձայն։     

 Քոյր Մարիան իր մահկանացուն կը կնքէ  14 սեպտեմբեր 1755-ին,  եւ անոր երանացման դատը սկիզբ կ՝առնէ 1 օգոստոս 1901-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.