2016-06-18 08:07:00

Այլ ինը գաղթականներ ժամանեցին Հռոմ ու հիւրն են Վատիկանին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը նշէ թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Լեզւոս կղզի կատարած այցելութենէն ետք, որուն աւարտին իր հետ Հռոմ բերաւ 3 փախստական ընտանիքներ, ինը հոգիէ կազմուած երկրորդ գաղթականներու խումբ մը, որոնց մէջ նաեւ երկու քրիստոնեաներ, երէկ (16 յունիս 2016-ին) հասան Հռոմ։

Վատիկանի ոստիկանութիւնը, Յունաստանի ներքին գործոց նախարարութեան, Յունական ''Աեսլում Սէրիս'' եւ Սանդ էճիտիոյ հասարակութիւնը, ինը գաղթականներուն ընկերացան` Աթէնքէն մինչեւ Հռոմ հինգշաբթի 16 յունիս 2016-ին։

Սանդ էճիտիոյ հասարակութիւնը առ այժմ կը հոգայ անոնց կարիքներուն։

Փախստականները` որոնց շարքին 3 մանուկներ, բոլորն ալ սուրիացի քաղաքացիներ են եւ հիւրընկալուած էին ''Քարա Թեփէ'' գաղթականներու ճամբարին մէջ ու Լեզւոս հասած էին Թուրքիոյ ճամբով։








All the contents on this site are copyrighted ©.