2016-06-17 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 17 Յունիս 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի, Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Մարիօ Զենարի, Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան Տիկ Մերչետէս Արրասթիա Թուազոն` հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց  Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան պատուիրակութեան անդամներուն եւ ժամը 12-ին Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի տարեկան 28-րդ լիանիստ գումարի  մասնակիցները եւ այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց թէ վերոնշեալ խորհուրդը մաս պիտի կազմէ նորաստեղծ այլ խորհուրդի մը իր 50 տարիներու գործունէութենէն ետք­, որոնց ընթացքին ան ընկերացաւ կաթողիկէ աշխարհականներու ընթացքին ու անոնց հասունութեան։

Քահանայապետը ապա մատնանշեց խորհուրդի ծագումին ու ստեղծումին Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի կամքով որպէս ծառայութիւն աշխարհականներու առաքելութեան ու հրաւիրեց Փառք տալ Աստուծոյ` տարիներու ընթացքին շնորհած առատ պտուղներուն համար որոնց շարքին է նաեւ Երիտասարդներու համաշխարհային օրը հաստատուած երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով, որպէս նոր սերունդներուն աւետարանումի գործիք։

Ձեր պարտականութիւնը եղաւ մղել աշխարհականները աւելիով յանձնառու դառնալու Եկեղեցւոյ աւետարանիչ առաքելութեան ոչ թէ աստիճանակարգի մը հրահանգով այլ իրենց նոյնինքն մասնակցութեամբ Եկեղեցւոյ փրկարար առաքելութեան, որուն բոլորս հրաւիրուած ենք Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին միջոցաւ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յիշեց բոլոր անոնք որոնք վեհանձնութեամբ աշխատեցան աշխարհականներու խորհուրդի ներքոյ, որոնց շարքին նաեւ Քարոլ Վոյթիլան` ապագայի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, ու խրախուսեց յոյսով նայելու ապագային դիմագրաւելով նոր ներկայացուած մարտահրաւէրները ու Վատիկանեան կառոյցներու բարենորոգումները ընկալելու որպէս արժէքաւորում եկեղեցւոյ ի սպաս տածած աշխատանքին համար։

Նոր կառոյցը որպէս ղեկ պիտի ունենայ ''Christifideles laici'' յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը եւ ''Evangelii gaudium'' ու ''Amoris laetitia'' առաքելական յորդորագիրները որպէս կէտնպատակ ունենալով ընտանիքը ու կեանքի պաշտպանութիւնը։

Այս պատմական կարեւոր ու յատուկ պահուն եւ ողորմութեան յոբելեանի ծիրէն ներս եկեղեցին կանչուած է միշտ աւելիով գիտակից դառնալու թէ ան ''հօրենական տունն է ուր ամէն մէկուն համար տեղ կայ իր յոգնեցուցիչ կեանքով'' եւ թէ մշտապէս դէպի դուրս Եկեղեցի մըն է ''աւետարանող հասարակութիւն'' որ գիտէ նախաձեռնել առանց վախի, ընդառաջ երթալ ու փնտռել հեռու գտնուողները ու ճամբուն եզերքները հասնելով հրաւիրել անոնք որոնք բացառուած են, ըսաւ նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով ներկաները ըլլալու դէպի դուրս Եկեղեցի մը եւ Աշխարհականութիւն մը որոնք իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն անոնց որոնք հեռու են մեր աշխարհէն ու այն ողորմութեան կարիքը ունեցող ու դժուարութեան մէջ ապրող ընտանիքներուն։

Մենք կարիքը ունինք կազմաւորուած աշխարհականներու, տոգորուած յստակ եւ ուղիղ հաւատքով, որոնց կեանքը յատկանշուած է Յիսուս Քրիստոսի ողորմած սիրոյ անձնական հանդիպումով, յարեց Սրբազան Հայրը ու ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու հրաւիրելով զանոնք բացուելու Աստուծոյ նորութիւններուն ապա անոնց վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.