2016-06-17 16:33:00

Աստուծոյ Ողորմածութիւնը


Նախորդ հաղորդումին մէջ յիշած էինք Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի Պատրիարքի “Խրատի Թանգարան” երկէն հատուած մը բամբասանքի մասին։ Այսօր, նոյն երկէն կը մէջբերենք հատուած մը ողորմութեան մասին։ Հեղինակը կը խօսի աղօթքի եւ պահքի մասին եւ ապա անցնելով “ողորմութիւն” կատարելու նիւթին, կը գրէ՝ “Աղօթքէ եւ պահքէ ետք պէտք է խօսիլ նաեւ ողորմութեան գործի մասին, որ կը կատարուի արտաքին բարիքներով կամ ստացուածքով, այսինքն՝ նիւթականով, կերակրելով անօթիները, զգեստաւորելով մերկերը, օթեվան տալով օտարներուն, ազատելով գերիները, եւ յագեցնելով կարօտեալներու կարիքները։ Ասոնցմով մարդը Աստուծոյ կը հատուցանէ իր ստացուածքին պարտքը։

Թէպէտ ողորմութեան գործը կարօտեալ մարդոց համար կը կատարուի, սակայն երբ ողորմութիւն գոծողին նպատակը Աստուծոյ ուղղուած է՝ Աստուած կը համարի թէ ողորմութիւնը Իրեն համար կատարուած է, քանի որ վերջնական նպատակը՝ գործելու պատճառներուն մէջ առաջինն է՝ ըստ այն խօսքին, թէ՝ “Քանի որ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք՝ Ինծի համար ըրիք” (Մտթ ԻԵ. 40)

Մարդիկ աւելի դիւրութեամբ ողորմութեան գործ կը կատարեն, քան կ’աղօթեն եւ պահք կը պահեն։ Որովհետեւ աղօթելու ժամանակ ՝ կարենալ վանելու ձանձրոյթը եւ տաղտուկը՝ ճիգ եւ ջանք պէտք է. ինչպէս նաեւ պահք բռնելու պարագային՝ համադամ կերակուրներու ցանկութիւնը զսպելու համար։ Իսկ ողորմութիւնը ջանք չի պահանջեր, այլ միայն կը պահանջէ ընկերոջ կարիքը հոգալու կամեցողութիւն։

Մանաւանդ որ աղօթքը եւ պահքը նուէր են հոգիի եւ մարմնի կողմէ, անոնք մարդու բուն եւ էական մասերն են, իսկ ողորմութիւնը նուէր է ստացուածքէն, որ մարդուն մաս չի կազմեր։ Սակայն ողորմած մարդը արտաքին ստացուածքի հետ նաեւ իր սիրտը եւ կամքը պիտի մատուցանէ, որովհետեւ ողորմութիւնը այն ժամանակ ընդունելի է, երբ սրտի ձեռքով կը բաշխուի։ Որովհետեւ Աստուած չի հաւանիր այն ողորմութեան, եթէ ձեռքը կու տայ, իսկ սիրտը՝ կ’ափսոսայ. Աստուած ոչ թէ տուածին կը նայի, այլ տուողի սրտին։

Ուստի ողորմութիւնը դատաստանի ժամանակ բարձրագլուխ կը պարծենայ (Յակոբ Բ. 13), երբ անոր յարակից են զուարթ միտքը եւ յօժար կամքը՝ ըստ այն խօսքին՝ “Աստուած կը սիրէ զուարթառատ տուրքը” (Բ. Կոր Թ. 7)

Մարդը ողորմութիւն կատարելու կը մղուի ոչ միայն Աստուծոյ հանդէպ ունեցած սէրէն, այլ իր բնութենէն։ Որովհետեւ մարդը, որուն խառնուածքը բարեկարգ է, բնական կերպով կը մղուի ընկերոջ գթալու։ Իսկ աղօթելու եւ պահեցողութեան պարագային՝ կը մղուին միայն Աստուծոյ սէրէն եւ ոչ բնութենէն։ Որովհետեւ ամէն մարդ ի բնութենէ կը սիրէ եւ կը փնտռէ իր հանգիստը եւ յարմարաւէտութիւնը, բայց բնութեամբ չի դրդուիր աղօթելու եւ հաճելի կերակուրներէն հրաժարելու։

Ուրեմն միայն Աստուծոյ հանդէպ ունեցած սէրէն է, որ մարդը կը մղուի աղօթքով եւ պահքով իր անձը նեղելու։

Վայել է, որ ողորմութիւն կոչենք ա´յն տուրքը, որ Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ համար կը մատուցուի կարօտեալին, եւ արդար վաստակէն՝ ըստ տուողի կարողութեան չափին, զուարթագին, անտրտունջ, առանց յապաղումի եւ ծածուկ։

Գթութեան գործը գործողի իղձով եւ կարողութեամբ կը չափուի։ Եթէ մէկը շատ ստացուածք չունի՝ կարօտեալներուն տուրքը լիաձեռն մատուցանելու համար, թող այնքան տայ, որքան կարող է։ Ուստի մեր Տէրը կ’ըսէ՝ “Ով որ այս փոքիրկներէն մէկուն՝ իբր աշակերտի, միայն բաժակ մը ջուր տայ խմելու, ճշմարիտ կ’ըսեմ՝ իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ” (Մտթ Ժ. 42) 








All the contents on this site are copyrighted ©.