2016-06-16 13:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը շրջային բեմադրութեան արուեսագէտներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 16 յունիսին՝ առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ունկդրութիւն շնորհեց շրջային բեմադրութեան արուեստագէտներուն, որոնք Հռոմի մէջ նշեցին Ողորմութեան Սուրբ տրուան յոբելեանի օրը։

Այս առթիւ  իր յղած պատգամին մէջ Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով  արուեստագէտներուն  ըսաւ ՝ ՝դուք տօնակատարութեան, հմայքի, գեղեցկութեան արհեստաւորներն էք,  այս   որակով դուք կը հարստացնէք համայն աշխարհի ընկերութիւնը՝  յոյս եւ վստահութիւն ներշնչելով։ Ձեր գեղարուեսական յայտագիրով վեր կ՝առնէք  եւ կ՝ազնուացնէք մարդու հոգին։

Տօնակատարութիւնն եւ ուրախութիւնը ձեր ինքնութեան յատկանիշեր են, եւ այս մէկը կարելի չէր պակաս ըլլալ Ողորմութեան Սուրբ Տարուան յայտագիրէն։ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով արուեստագէտներու շրջուն ըլլալու  դրութեան ըսաւ,  որ անոնք կարողութիւնը ունին բոլորին փոխանցելու Աստուծոյ Սէրը, եւ Աստուծոյ Ողորմածութիւնը .՝՝դուք քրիստոնեայ շրջուն հասարակութիւն կրնաք հանդիսանալ, իբր Քրիստոսի վկաներ որ միշտ ուղեւորութեան մէջ կը գտնուին՝ ամենէն հեռաւորներուն հանդիպելու համար՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա գնահատանքը յայտնեց Ողորմութեան Տարուան ծիրէն ներս,  արուեստագէտներուն  ներկայացուցած գեղարուեստական յայտագիրներուն՝ աղքատներուն, բանտարկելաներուն , անօճախներուն  համար, հաստատելով թէ՝  ՝՝Այս ալ Ողորմածութիւն  է,  աշխարհի մէջ մշակել  գեղեցկութիւնն եւ  ուրխաութիւնը  Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերանքի խօսք ուղղեց արուեստագէրներուն, շարունակելու հիւրընկալ գտնուելու փոքրիկներու եւ կարիքաւորներու նկատմամբ, եւ  պարգեւելու մխիթարանքի խօսքեր  ու ժեսթեր ինքնիր մէջ փակուած անձերուն,։

Հուսկ՝  Սրբազան Հայր անդրադարձաւ արուեստագտէներուն դժուարին աշխատաքներուն, որոնք գործի բերումով հաստատ բնակավայր եւ ժողովրդապետութիւն չունին.  հրաւիրեց զանոնք խնամք տանելու իրենց հաւատքին, եւ ամէն առիթ օգտակործելու  մօտենալու համար Սուրբ  Խորհուրդներուն։  Ֆրանչիսկոս Պապ  յայտնեց  թէ Ինք,  տեղական եկեղեցիներու ժողովրդապետութիւններու պիտի յանձնարարէ ուշադիր գտնուելու բոլոր շրջագայութեան մէջ գտնուող մարդոց նկատմամբ։ Ան ապահովցուց թէ  եկեղեցին միշտ  ընկերացած է եւ կ՝ընկերանայ  ճանապարհորդութեան մէջ գտնուող անձերուն։

Ֆրանչիսկսո Պապ իր խօսքի աւարտին մաղթանք յայտնեց, որ արուեստագէրները իրենց աշխատանքները  միշտ  սիրով եւ խնամքով կատարեն եւ միշտ յոյսն ունենան որ Ասուտած իր նախախնամութեամբ միշտ զիրենք կ՝առաջնորդէ։

Ներկաները Տիրամօր հովանիին յանձնելով  Ֆրանչիսկոս  Քահանայապետ անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեց  անոնցմէ որ չմոռնան իրեն համար աղօթել։  








All the contents on this site are copyrighted ©.