2016-06-16 12:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Յիսուս իր աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ կը դիմէ իբր Հայր՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Մատթէոս Աւետարանիչ կը պատմէ, թէ ինչպէս Յիսուս առաքեալներուն աղօթել կը սորվեցնէ (հմմտ. Մտթ Զ. 7-15)։ Սուրբ Աւետարանի այս հատուածին անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը 16 յունիսի առաւօտեան մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, զայն մեկնաբանելով իր քարոզին մէջ։

Քրիստոնեային համար, ըսաւ Սրբազան Հայրը, աղօթքները կախարդական խօսքեր չեն։ Յիսուս կը յորդորէ՝ որ քրիստոնեային աղօթքը չըլլայ հեթանոսներու շաղակրատանքին նման։

Յիսուս իր աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ կը դիմէ իբր “Հայր”։ Աստուած Հայրն է, որ գիտէ թէ ի´նչ բանի կարիքն ունինք։ Աստուած Հայրն է, որ մեզի կը շնորհէ որդիի ինքնութիւնը։ Արդ, քրիստոնեայի ինքնութիւնն է՝ ըլլալ որդի. սա Սուրբ Հոգիին շնորհքն է։ Ոչ ոք կրնայ զԱստուած “Հայր” անուանել՝ առանց Սուրբ Հոգիի շնորհքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ներկաները, որ երբեմն կատարեն խղճի քննութիւն, հարց տալով՝ թէ “գիտակի՞ց եմ, թէ Աստուած Հայրս է”։ Եթէ ո´չ, պէտք է աղօթեմ Սուրբ Հոգիին, որպէսզի ինծի սորվեցնէ ճանչնալ զԱստուած իբր Հայր։








All the contents on this site are copyrighted ©.